Անքնութիւն

Անքնութիւն

Անքնութիւն, գիշերային քունի խանգարումներ, (դժուար քնանալ, կանուխ արթննալ, գիշերուան ընթացքին յաճախ արթննալ, ինչպէս նաեւ գիշերային քունի ամբողջական բացակայութեան ընդհանուր անուանումը)։

Ժամանակակից բժշկութեան հիմնախնդիրներէն մէկն է, որ առողջական այլ հարցերու հետ, մարդու ֆիզիքական եւ ընկերային առողջութեան լուրջ վնասներ կը հասցնէ։ Թէեւ գոյություն ունին անքնութեան բուժման դեղորայքային եւ վարքային հոգեբանական եղանակներ, սակայն միշտ չէ, որ անոնք կ'օգնեն հասնելու բաւարար արդիւնքի։ Անքնութեան պատճառով թէ՛ մարդոց առողջութիւնը եւ թէ ընկերային կեանքը կ'ենթարկուին լուրջ փորձութիւններու։

Անքնութիւն Պատճառող Ազդակներ

Քունի որակին վրայ կ՛ազդեն խումբ մը գործօններ, որոնց կարգին` ուտելիքները, որոնք կ՛օգտագործենք օրուան ընթացքին եւ յատկապէս քնանալէ առաջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անքնութիւն պատճառող 6 ուտելիքները.

  • Տուրմը, որովհետեւ քաքաոն մեծ քանակութեամբ քաֆէին կը պարունակէ:
  • Կծու ուտելիքները, որովհետեւ կը բարձրացնեն մարմնին ջերմաստիճանը, կ՛արագացնեն արեան շրջագայութիւնը, որոնց պատճառով սրտի զարկերը կրնան արագանալ,  եւ քնանալը շատ աւելի դժուար կը դառնայ:
  • Փիցցան, որ պատրաստուած է իւղոտ պանիրներով եւ թացանով, յաճախ կ՛ուտուի կազաւորուած խմիչքներու հետ, իսկ այս բոլորը բացառաբար կ՛ազդեն քունի որակին վրայ:
  • Կանաչ թէյը, որովհետեւ մեծ քանակութեամբ քաֆէին կը պարունակէ, հետեւաբար թելադրելի է զայն փոխարինել խոտաբոյսերով տարբերակը:
  • Իւղոտ ուտելիքները, որովհետեւ անոնք փքուածութեան եւ կազերու պատճառ կը դառնան եւ լրջօրէն կը խանգարեն քունը` տհաճ զգացողութիւններ պատճառելով:
  • Ջուրը, թէեւ օրուան ընթացքին ջուր խմեը չափազանց անհրաժեշտ եւ առողջապահական է, սակայն քնանալէ կարճ ժամանակ առաջ ջուր խմելը կրնայ գիշերը քունի ընթացքին յաճախակի միզարձակման ցանկութիւն յառաջացնել եւ քունը խանգարել:
  • Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ'աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:
  • Նախքան քնանալը` թելադրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաք լոգանքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, որ իր կարգին կը խանգարէ քունը:
  • Օրուան ընթացքին, բայց մանաւանդ գիշերը լուսաւոր պաստառներու դիմաց երկար ժամեր անցընելը ոչ միայն կախուածութիւն կը ստեղծեն, այլեւ աւեր կը գործեն ուղեղին ու աչքերուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք արդէն անքնութենէ կը տառապին:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ