Գիտա-երեւակայութիւն (անգլերէն՝ science fiction), մօտաւոր կամ հեռաւոր ապագայի մասին պատմութիւններու ստեղծումն է՝ օգտագործելով գիտութեան եւ փորձագիտութեան տարրերը: Գիտա-երեւակայական ստեղծագործութիւններու առանձնայատկութիւնը այն է, որ դէպքերը հիմնուած են գիտական ենթադրութիւններու վրայ։