Էմոս (թագաւոր)

Էմոս
Վարած պաշտօններ Թրակիոյ առասպելական թագաւոր
Ամուսին Ռոտոփի
Ծնողներ Վորէաս եւ Աթէնքի Օրիթէա

Էմոս (հին յուն․՝ Αἷμος, յուն․՝ Αίμος)․ ըստ յունական դիցաբանութեան Թրակիոյ թագաւորն էր։ Էմոսի հայրն է Վորէաս եւ մայրը՝ Օրիթէա յաւորժահարսը։

Դիցաբանութիւն

Էմոսին կինը եղած է իր քոյրը՝ Ռոտոփի։ Զոյգը յոխորտանքը ունեցած է բաղդատուելու Զեւսին եւ Իրային հետ եւ պատճառած է անոնց զայրոյթը։ Աստուածները զանոնք լեռներու կը փոխակերպեն, որոնք իրենց անունը կը կրեն․ Էմոս լեռնաշղթայ եւ Ռոտոփի լեռնաշղթայ։

Ըստ Իրոտոթոսին, Էմոս լեռնաշղթային վրայ կար Տիոնիսոսի բագինը։ Էմոսին կը նշեն իրենց գրական գործերուն մէջ Ճոն Միլթոն John Milton եւ Ալեքսանտըր Փոփ Alexander Pope։

Ուրիշ գործածութիւններ

«Էմոս թերակղզի» անունով ծանօթ է բարձրութիւն մը՝ 10․000մ․, Իօ (յուն․՝ Ιώ, անգլ․՝ Io) արբանեակին վրայ․ Լուսնթագի արբանեակներէն մեծութեամբ երրորդը։

Տե՛ս նաեւ

Էմոս լեռնաշղթայ

Ծանօթագրութիւններ