Էտիթ Փիաֆ ֆրանսերէն՝ Édith Piaf | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | ֆրանսերէն՝ Édith Giovanna Gassion |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Édith Piaf |
Ծնած է | 19 Դեկտեմբեր 1915 |
Ծննդավայր | Փարիզ |
Մահացած է | 10 Հոկտեմբեր 1963 (47 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Կրաս |
Քաղաքացիութիւն | Ֆրանսա |
Մայրենի լեզու | Ֆրանսերէն |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | La vie en Rose, Milord եւ Non, je ne regrette rien |
Տեսակ | Երգ, իրապաշտ երգ եւ Գեղօն |
Մասնագիտութիւն | երգչուհի, դերասանուհի, ստուդիական երաժիշտ, Շանսոնիե, փողոցային կատարող, Երգահան |
Անդամութիւն | Ռոզա Քրուսիզ առեղծուածային հին օրէնք |
Ամուսին | Ժագ փիլս եւ Թէոֆանիս Լամպուքաս |
Ծնողներ | հայր՝ Լուի Կասիոն, մայր՝ Լին Մարսա |
Երեխաներ | Marcelle Dupont |
Ստորագրութիւն |
Էտիթ Փիաֆ (19 Դեկտեմբեր 1915, Փարիզ - 10 Հոկտեմբեր 1963, Կրաս), բուն անունով՝ Էտիթ Ճիովաննա Կասիոն (Édith Giovanna Gassion), ֆրանսացի երգչուհի եւ դերասանուհի։
Ըստ ընդունուած վարկածի մը, Էտիթ Փիաֆ ծնած է Պելվիլ քաղաքին փողոցի լապտերներէն մէկուն տակ։ Մայրը՝ Անիթա Մայար, անյաջող դերասանուհի մը, հանդէս կու գար Լինա Մարսա բեմական անունով։ Հայրը՝ Լուի Կասոն, փողոցի աճպարար էր։ Ա.Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը, ան կամաւոր կը զինուորագրուի եւ կը մեկնի ճակատ։ Առաջին անգամ արձակուրդ կը ստանայ 1915-ի վերջերուն՝ իր նորածին աղջիկը տեսնելու համար։
Երկու տարի ետք, Լուի Կասիոն կ'իմանայ, որ կինը զինք լքած է, իսկ աղջիկը ձգած է իր ծնողքին քով։ Տեսնելով, որ Էտիթ կ'ապրէր չափազանց վատ պայմաններու մէջ, Լուի զինք կը տեղափոխէ իր մօր քով, որ հասարակաց տուն մը կը պահէր։
Նորմանտիի մէջ կը բացայայտուի, որ Էտիթ կոյր է։ Կեանքին առաջին ամիսներուն անոր մօտ կը յառաջանայ աչքի եղջերաթաղանթի բորբոքում (keratitis), սակայն Մայար զոյգը չի նկատեր հիւանդութեան զարգացումը։ Երբ այլեւս բուժման որեւէ յոյս չի մնար, մեծ մայրը աղջնակը կը տանի Լիզիէ քաղաք՝ Ս. Թէրէզայի գերեզմանը, որ նշանաւոր ուխտավայր մըն էր։ Ուխտագնացութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք՝ 19 Օգոստոս 1921-ին, 6 տարեկան Էտիթ կը սկսի տեսնել։
Շուտով Էտիթ դպրոց կը յաճախէ, սակայն քաղաքին բնակիչները չեն ընդունիր, որ հասարակաց տան մէջ ապրող փոքրիկ մը իրենց զաւակներուն դասընկերը ըլլայ։ Ուստի, Էտիթ կը ստիպուի ուսումը կիսատ ձգել։ 1924-ին հայրը Էտիթը իրեն հետ Փարիզ կը տանի, ուր հրապարակներու վրայ ինք աճպարարութիւն կ'ընէ, իսկ իննամեայ Էտիթ կ'երգէ։ Էտիթ փողոցին մէջ երգելով կը շահի իր ապրուստը մինչեւ այն պահը, երբ «Ժուան-լը-Փեն» ճաշարանէն կը ստանայ հոն երգելու առաջարկ մը։
1932-ին, Փիաֆ կը ծանօթանայ Լուի Տիւփոնի (Louis Dupont)։ Մէկ տարի ետք զոյգը կ'ունենայ դուստր մը՝ Մարսէլ (Marcelle)։ Սակայն Լուի չի համակերպիր Էտիթին աշխատանքային երկար ժամերուն եւ անկէ կը խնդրէ լքել ասպարէզը։ Էտիթ կը մերժէ եւ զոյգը կը բաժնուի։ Սկզբնական շրջանին դուստրը կ'ապրի մօրը հետ, սակայն օր մը, երբ Էտիթ տուն կը վերադառնայ, կը տեսնէ, թէ աղջնակը տունը չէ։ Լուի Տիւփոն առած էր աղջիկը՝ յուսալով, որ սիրելին կը վերադառնայ իրեն։ Սակայն, հօրը քով կեցութեան ընթացքին Մարսէլ հարբուխով կը վարակուի եւ կը մահանայ (1935)։ Մարսէլ Էտիթին միակ զաւակն էր։
1915-էն 1931 Փիաֆ գլխաւորաբար կ'ապրի հօրը հետ, Պելվիլի մէջ։
1934-էն 1941 կը բնակի «45 rue de Chézy»։
1935-ի Էտիթին տաղանդը կը նկատէ «Ժերնիս» ճաշարանին տէրը՝ Լուի Լեփլէ (Louis Leplée) եւ զինք կը հրաւիրէ իր ծրագիրին մէջ հանդէս գալու։ Անոր կը սորվեցնէ նուագակցողի հետ աշխատիլ, ընտրել եւ բեմականացնել երգերը, կը բացատրէ, թէ ինչ մեծ կարեւորութիւն ունին արուեսագէտի մը բեմական հագուստը, մարմինին շարժումները, դիմախաղերը եւ բեմական կեցուածքը։ Լեփլէ Էտիթին կու տայ Փիաֆ բեմական անունը (փարիզեան ժողովրդախօսակցական բարբառով՝ ճնճղուկ)։ «Ժերնիսի» որմազդերուն վրայ անոր անունը կը տպուի իբրեւ «Փոքրիկ Փիաֆ»: Առաջին իսկ ելոյթներէն Փիաֆի յաջողութիւնը շռնդալից կը դառնայ։
17 Փետրուար 1936-ին Փիաֆ ֆրանսական էսթրատային հանրածանօթ աստղերու հետ, ինչպէս՝ Մորիս Շէօվալիէ, Միսթինկետ եւ Մարի Տիւբան, հանդէս կու գայ Մեթրանօ կրկէսին մէջ։ Սակայն անոր յաջող սլացքը կ'ընդհատուի ողբերգութեամբ մը՝ Լուի Լեփլէն գլխուն ատրճանակի կրակոցով մը կը սպաննուի։ Էտիթ Փիաֆ կը յայտնուի կասկածեալներու ցուցակին մէջ, քանի որ Լեփլէ փոքր գումար մը կտակած էր իրեն։ Թերթերը կ'ուռճացնեն այդ պատմութիւնը եւ ճաշարանին այցելուները թշնամական աչքով կ'ընդունին Էտիթին ելոյթները՝ համոզուած ըլլալով, որ իրենք իրաւունք ունին «յանցաւորը պատժելու»: Սակայն շուտով Էտիթ արդար կը կացուցուի։ Լեփլինը սպաննած էին աւազակախումբեր, որոնք նախապէս կապ ունեցած էին Փիաֆին հետ։
1940-ին Փիաֆ կը նկարահանուի Ժան Քոքթոյի (Jean Cocteau) յաջող գործի մը մէջ՝ Le Bel Indifférent։ Փարիզի գերմանական գրաւումը չի դադրեցներ անոր ասպարէզը։ Փիաֆ կը սկսի բարեկամանալ նշանաւոր մարդոց հետ, որոնցմէ էր բանաստեղծ Ժագ Պուրկաթ (Jacques Bourgeat)։ Փիաֆ ինք կը գրէր իր երգերէն մեծ մասին բառերը, իսկ երաժշտութեան համար կը համագործակցէր երգահաններու հետ ։
1944-ի Գարնան Մուլեն Ռուժի (Moulin Rouge) մէջ կը համագործակցի եւ սիրային յարաբերութիւն կ'ունենայ Իվ Մոնթանի (Eve Montagne) հետ։
1947-ին Փիաֆ Իվ Մոնթանի համար կը գրէ «Mais qu’est-ce que j’ai» երգին բառերը, որուն երաժշտութեան հեղինակն էր Հենրի Փետտի։ Մէկ տարուան ընթացքին Փիաֆ կը դառնայ Ֆրանսայի ամէնէն նշանաւոր երգչուհին։ Փիաֆի եւ Մոնթանի յարաբերութիւնները կը խզուին, երբ վերջինս կը դառնայ այնքան նշանաւոր, որքան Փիաֆը։ Այս ընթացքին Փիաֆ՝ իբրեւ Ֆրանսայի ամէնէն նշանաւոր աստղ, մեծ յաջողութիւններ կը գտնէ Փարիզի մէջ։ 1947-ին Նիւ Եորքի ազդեցիկ քննադատ Թոմսըն Վիրճիլի New York Herald Tribune-ի մէջ կատարած գրառումէն ետք Փիաֆի հեղինակութիւնը այնքան կը մեծնայ , որ ան ութ անգամ կը մասնակցի The Ed Sullivan Show հաղորդումին եւ երկու անգամ ելոյթ կ'ունենայ Քարնեգի սրահին մէջ (1956 եւ 1957)։
Պատերազմէն ետք ան միջազգային ճանաչում կ'ունենայ, կը ճամբորդէ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկա։ Փարիզի մէջ ան Atahualpa Yupanqui-ին (Héctor Roberto Chavero) հնարաւորութիւն կ'ընծայէ բեմ բարձրանալու։ Վերջինիս առաջին համերգը տեղի կ'ունենայ 1950-ին։ Վաղ 1950-ական թուականներուն Փիաֆ կ'օգնէ Շարլ Ազնաւուրին, վերջինս իրեն հետ տանելով Ֆրանսայի եւ Միացեալ նահանգներու մէջ կատարած իր շրջագայութիւններուն եւ ձայնագրելով Շարլի երգերէն մէկ քանին։ Ազնաւուր նաեւ Էտիթ Փիաֆի քարտուղարն էր: Անոր քոնսերները կը կարգադրէր եւ բեմական գործերը կը վարէր։Սկիզբը ան մեծ յաջողութիւններ չ'ունենար Միացեալ նահանգներուն մէջ, ուր հանդիսատեսը շքեղ ներկայացում կը սպասէր եւ հիասթափած էր Փիաֆի պարզագոյն ցուցադրումէն։
Փիաֆի ամէնէն նշանաւոր երգը՝ La Vie en rose գրուած է 1945-ին, 1998-ին երգը կը դառնայ «Կրեմմի մրցանակի փառքի դահլիճ»ին դափնեկիրը։
1951-ին Փիաֆ եւ Շարլ Ազնաւուր ինքնաշարժի արկածի կ'ենթարկուին եւ Փիաֆ ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Այնուհետեւ ան գինեմոլ կը դառնայ։ Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ գրեթէ մահացու երկու արկածներէ ետք։ Երգիչ Ժագ Փիլս Փիաֆին երեք տարբեր առիթներով վերականգնողական կեդրոն կը տանի, սակայն ի զուր ։
Փիաֆ եւ Փիլս (իսկական անունը՝ René Ducos) կ'ամուսնանան 1952-ին։ Փիլս անոր առաջին ամուսինն էր։ 1957-ին զոյգը կը բաժնուի։
1962-ին Փիաֆ կ'ամուսնանայ Թէօ Սարափոյին հետ, որ Փիաֆէն 20 տարի փոքր էր։ Թէօ յոյն վարսայարդար էր, դարձած էր երգիչ եւ դերասան։ Փիաֆի վերջին քանի մը ելոյթներուն ամուսինները միասին երգած են։
1941-1956 թուականներուն առանձին կ'ապրի, իսկ 1952-1956 ՝ Ժագ Փիլսին հետ։ Այնուհետեւ 1959-էն մինչեւ 1962 մինակ, ապա Թէօ Սարափոյին հետ «23 rue Édouard Nortier» մինչեւ իր մահը՝ 1963։
Երբ Էտիթ կը ծանօթանայ Ռայմոն Ասսոյի, ան վերջնականապէս կ'ապահովէ վերջինիս յաջողութիւնները։ Ան Էտիթին կը սորվեցնէ ոչ միայն մասնագիտական նոր հմտութիւններ, այլեւ՝ վարք, հագուստ ընտրելու շնորհք եւ այլն։
Հիմնուելով Էտիթին անհատականութեան վրայ՝ Ռայմոն Ասսօ կը ստեղծէ «Փիաֆի ոճը», կը գրէ երգեր, որոնք կը յարմարին միայն իրեն, ինչպէս՝ «Փարիզ - Միջերկրական ծով», «Ան Կ'ապրէր Փիկալ Փողոցին Մէջ», «Իմ Լեգէոններս», «Լեգէոնին համար դրօշակ»:
Էտիթ կը սկսի հանդէս գալ Փարիզի ամէնէն յայտնի «АВС» համերգասրահին մէջ։ Ասսօ կը համոզէ երգչուհին, որ իր բեմական անունը փոխէ «Փոքրիկ Փիաֆ»-էն «Էտիթ Փիաֆ»-ի: «АВС»-ի ելոյթին յաջորդ օրը մամուլը կը գրէ. «Երէկ «АВС»-ի բեմին վրայ Ֆրանսայի մէջ ծնաւ մեծ երգչուհի մը»: Էտիթ Փիաֆին երգերը յաճախ ինքնակենսագրական բնոյթ ունէին. անոնք նուիրուած էին սիրոյ, կորուստի եւ վիշտի:Իր իւրայատուկ ձայնը, թատերական իսկական տաղանդը, աշխատասիրութիւնը եւ փողոցը մեծցած աղջկան մը նպատակասլացութիւնը զինք կը հասցնեն յաջողութեան բարձունքներ։
Բ. Համաշխարհային պատերազմին, ան յաճախ հանդէս կու գայ գերմանական ուժերու հաւաքոյթներուն՝ գրաւեալ Ֆրանսայի մէջ, ինչ որ շատերու կողմէն դաւաճանութիւն կը համարուի։ Սակայն Փիաֆ պատերազմէն ետք կը յայտարարէ, որ ան համագործակցած է ֆրանսական ընդդիմութեան հետ։ Հակառակ ստոյգ ապացոյցներ չըլլալուն, կը կարծուի, թէ Փիաֆ օգնած է շատերու (ինչպէս հրեայի մը) խուսափելու նացիստական հալածանքներէն, ինչ որ կը համապատասխանէ իրականութեան։
Ըստ տարածուած պատմութիւններէն մէկուն, Փիաֆ գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականներու համար «Մէկ- Երկու» ակումբներու մէջ երգելուն շնորհիւ, իրաւունք կը ստանայ այցելելու ֆրանսացի ռազմագերիներու ճամբար, հոն ելոյթ ունենալու եւ լուսանկարուելու անոնց հետ։ Հետագային, ֆրանսացի ռազմագերիներէն մէկ քանին կ'օգտագործեն Փիաֆին հետ իրենց լուսանկարները՝ կեղծ անցագիրներ պատրաստելու եւ ճամբարէն փախուստի դիմելու համար։
Էտիթ Փիաֆի երգերու ոչ լրիւ անուանացանկը՝ ըստ այբբենական կարգի.
|