Իշխան Հէրի, Սասէքսի Դուքս անգլերէն՝ Prince Harry, Duke of Sussex | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | անգլերէն՝ Prince Henry Charles Albert David of Wales |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Henry Wales |
Ծնած է | 15 Սեպտեմբեր 1984 (39 տարեկան) |
Ծննդավայր | Սբ. Մերի հիվանդանոց, Պատինգթոն, Ուեսթմինսթըր, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Միացեալ Թագաւորութիւն |
Մայրենի լեզու | Բրիտանական անգլերէն |
Կրօնք | Անկլիգան եկեղեցի |
Ուսումնավայր |
Իթըն գոլէճ Ուոթերբի դպրոց? Ludgrove School? Սանդհարսթի Թագավորական ռազմական ակադեմիա? |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Finding Freedom? եւ Պահեստային? |
Մասնագիտութիւն | ուղղաթիռի օդաչու, սպայ, մեկենաս, Փոլօ խաղացող, բարեգործ |
Աշխատավայր | BetterUp Inc.? |
Վարած պաշտօններ | Counsellor of State? |
Անդամութիւն | Բրիտանական թագավորական ընտանիք? |
Ամուսին | Մեկըն, Սասէքսի Դքսուհի |
Ծնողներ | հայր՝ Չարլզ Գ․, մայր՝ Տիանա Իշխանուհին |
Երեխաներ | Prince Archie of Sussex? եւ Princess Lilibet of Sussex? |
Կայքէջ |
royal.uk/the-duke…(անգլերէն) sussexroyal.com(անգլերէն) |
Ստորագրութիւն |
Իշխան Հէրի, Սասէքսի Դուքս (կամ Հէնրի Չարլզ Ալպըրթ Տէյվիտ, անգլ.՝ Prince Harry, Duke of Sussex կամ Henry Charles Albert David, ծնած 15 Սեպտեմբեր, 1984) Բրիտանական թագաւորական ընտանիքի անդամ: Ուէյլզի Իշխան Չարլզի եւ Ուէյլզի Իշխանուհի Տայանայի կրտսէր զաւակը ըլլալով, ան վեցերրորդ ժարանգորդն է Բրիտանական թագին:
Ծնած Սբ. Մերիզ Հիւանդանոցին մէջ, Լոնտոն, Հէրին ստացած է իր ուսումը հետեւեալ դպրոցներուն մէջ՝ Ուէտըրպի Դպրոց, Լատկրով Դպրոց, կամ Իթըն Քոլէճ: Դպրոցը աւարտելէ ետք, մէկ տարի Աւստրալիա եւ Լեսոթո անցուցած է մէկ տարի: Անկէ ետք, ան մարզուեցաւ Սանտհըրսթ Թագաւորական Բանակի Ակադեմիոյ մէջ: Ան իր եղբօր Ուիլիըմին հետ զինծառայած է: 2007 եւ 2008 թուականներուն, 10 շաբաթներու դրութեամբ Հէրին զինծառայած է Հելմընտ մարզին մէջ, Աֆղանիստան: Ան կը վերադառնայ Աֆղանիստան 20 շաբթուայ զինծառայութեան համար 2012 եւ 2013 թուականներուն ընթացքին իբր օդային բանակային: 2015 թուականի Յունիսին ան կը հրաժարի բանակէն եւ զինծառայութենէն:
Հէրի նշանուեցաւ Մէկըն Մարքըլի հետ 2017 թուականին, եւ ամուսնացան 2018 թուականին: Իրենց զաւակը, Արչի Մաունթպաթըն-Ուինտսըր, ծնաւ 2019 թուականին: Յաջորդող տարուան մէջ, զոյգը հրաժարեցաւ թագաւորական ընտանիքին մաս կազմելէ եւ փոխադրուեցաւ Դքսուհիին բնիկ Հարաւային Քալիֆորնիան: Ուշ 2020 թուականին, անոնք հիմնեցին Archewell Inc. Ամերիկեան ոչ-շահ կազմակերպութիւնը որ կը կեդրոնանայ ստեղծագործական ԶԼՄ ծրագիրներու վրայ: 7 Մարտ 2021 թուականին, Հէրի եւ Մէկըն յայտնուեցան հարցազրոյցի մը համար Օփրայի հետ CBS կայանէն, մանրամասնելու համար պատճառները իրենց Բրիտանական թագաւորական ընտանիքէն հեռացման: 16.9 միլիոն հոգի արդէն իսկ դիտած էր հարցազրոյցը առաջին ժամուն եւ 17.1 միլիոն՝ երկրորդ ժամուն: