Կրիաներ (լատիներէն՝ Testudines) սողուններու դասին պատկանող զրահաւոր ցամաքի եւ ջուրի անասուններ են։ Կը գտնուին ամբողջ երկրագունդի տարածքին։
Կրիաներու տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունեցած են 200 միլիոն տարի առաջ եւ կը հանդիսանան սողուններու դասին ամէնէն հին խումբը, աւելի հին, քան մողէզներու, օձերու կամ կոկորդիլոսներու խումբերը։
Կրիաները կը սերին ցամաքային հնագոյն, անհետացած սողուններու մէկ ճիւղէն՝ կատիլոզաւրերէն։ Դարաւոր զարգացման ընթացքին, անոնցմէ շատերը՝ աստիճանաբար, ընտելացած են անուշահամ ջուրերուն եւ ծովերուն մէջ ապրելու պայմաններուն։ Ներկայիս կրիաներու 327 տեսակ գոյութիւն ունի, որոնցմէ երեքը՝ միջերկրածովեան, կասպիական եւ ճահիճի կրիաները, որոնց կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի տարածքին։
Կ'ենթադրուի, որ կրիաներու կեանքի տեւողութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ 200 տարի: Անշուշտ կեանքի այս տեւողութիւնը կախեալ է կրիային տեսակէն: Սակայն, միջին հաշուով, կարելի է ըսել, որ`
Կրիաները իրենց արտաքինով կը տարբերին միւս անասուններէն՝ շնորհիւ իրենց պատեաններուն։
Պատեանը կրնայ ունենալ ոսկրային կառուցուածք կամ ըլլալ փափուկ, մաշկային, ինչպէս ծովերը բնակող կրիաներունը։
Զրահի ձեւը թոյլ կու տայ պարզելու, թէ ինչպիսի կեանք կը վարէ կրիան։ Կրիաներէն շատերը ունին մեծ, գմբէթանման զրահ, որ կը դժուարացնէ, որ գիշատիչները ջարդեն զինք՝ իրենց երախին մէջ։
Քանի մը բացառութիւններէն մին Ափրիկէի բլիթանման կրիան է, որուն զրահը տափակ է, որուն շնորհիւ կրնայ պահուըտիլ ժայռերուն ծերպերուն մէջ։
Ջուրի կրիաներէն շատերը նոյնպէս ունին տափակ, շուրջհոսելի զրահներ։ Ի տարբերութիւն իրենց ցամաքային դանդաղաշարժ ցեղակիցներուն՝ ծովերուն մէջ ապրող կրիաները հիանալի արագաշարժ լողորդներ են։
Կրիաներու զրահներու գոյները կրնան տարբեր ըլլալ։ Սովորաբար անոնք կ'ըլլան սրճագոյն, սեւ կամ ձիթենիի կանաչ գոյներով։ Երբեմն զրահը կ'ունենայ կարմիր, նարնջագոյն, դեղին կամ մոխրագոյն երանգներ։
Յատուկ ուշադրութեան արժանի են կրիաներուն զրահի մէջքի մասի նախշերը, որոնք բազմազան են։
Բոլոր տեսակներու, նոյնիսկ ջուրերուն մէջ բնակող կրիաները կը ձուադրեն ցամաքը, շուրջ 1-400 ձու։ Էգերը ձուերը կը թաղեն աւազի կամ հողի մէջ եւ այնուհետեւ անոնցմով չեն մտահոգուիր։
Ձուէն դուրս ելած փոքրիկ կրիաները անմիջապէս կը սկսին անկախ կեանք վարել։ Սկզբնական շրջանը նրանք կ'աճէն, հետագային աճը կը դանդաղի։ Հետաքրքրական է, որ կրիաները կ'աճին իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին։
Կրիաներուն սնունդը մեծապէս կախեալ է այն միջավայրէն, ուր կ'ապրին։ Ցամաքային եւ ծովային կրիաները առաւելապէս բուսակեր են, բայց ծովային կրիաները երբեմն նաեւ ձուկ կ'որսան։ Անոնք նոյնիսկ կ'ուտեն սպունգներ եւ այլ փափկամարմիններ։ Կրիաները ունին նաեւ քանի մը ամիս անօթի մնալու կարողութիւնը։
Կրիաներու տարբեր տեսակներ.
իւղաբլիթաձեւ, միջերկրածովեան եւ քաղցրահամ ջուրերու |
«Ամերիքըն թորթայզ ռեսքիու» կազմակերպութիւնը նշանակած է կրիաներու միջազգային օր, 2000 թուականին: Անիկա կը նշուի ամէն տարի, 23 Մայիսին:
Անոր նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել այս անասուններուն պահպանութեան կարեւորութեան վրայ: Իւրաքանչիւր անասունի տեսակ ունի իր տեղը եւ իր դերը` ամբողջ կենդանի էակներուն եւ անոնց միջավայրին ամբողջութեան մէջ:
|