Հակապիոթիքները դեղատեսակներ են, որոնք կ'օգտագործուին պաքթերիա (ցպկային մարմիններ) յառաջացած վարակներու բուժման համար: Հակապիոթիքները տարիներու ընթացքին փրկած են բազմաթիւ կեանքեր:
Այս դեղերու չարաշահումն ու անպէտք օգտագործումը, սակայն, նպաստած են երեւոյթի մը, որ ծանօթ է իբրեւ «հակապիոթիքներու դիմադրութիւն» (Antibiotic resistance): Այս դիմադրութիւնը կը զարգանայ, երբ վնասակար ու գործուն մանրէներ կը նենգափոխուին (mutate) այնպէս, որ նուազեցնեն կամ չէզոքացնեն հակապիոթիքներու արդիւնաւէտութիւնը:
Հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմադրութիւնը աճող մտահոգութիւն է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Երբ անհատը կը վարակուի հակապիոթիքի դիմադրող մանրէով, ոչ միայն իր բուժումը աւելի դժուար կ'ըլլայ, այլեւ հակապիոթիքի դէմ դիմացկուն մանրէն կրնայ տարածուիլ այլ մարդոց:
Հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմացկուն դարձած մանրէներու օրինակներ են մաշկի, միզուղիներու, ուղեղատապի (meningitis), սեռական միջոցներով փոխանցուող հիւանդութիւններու եւ շնչուղիներու վարակներ յառաջացնող մանրէները:
Պետական այլ գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեամբ, Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը (FDA) նախաձեռնած է քանի մը միջոցներ` հակապիոթիքներու նկատմամբ դիմադրութիւնը դիմակայելու համար:
Վարչութիւնը հրապարակած է դեղերու մակնշման կանոնակարգ մը` շեշտը դնելով հակապիոթիքներու խելամիտ ու տրամաբանական օգտագործման վրայ: Կանոնակարգերը կը քաջալերեն առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները` հակապիոթիքներ դեղագրելու միայն դարմանատնային անհրաժեշտութեան պարագային, ինչպէս նաեւ խորհուրդ կու տան հիւանդներուն` նման դեղերու ճիշդ օգտագործման եւ անոնց պատուիրածին պէս գործածելու կարեւորութեան մասին:
Հակապիոթիքները պէտք է օգտագործուին մանրէական վարակներու դիմաց: Օրինակ, անոնք կ'օգտագործուին սթրեփ կոկորդի բուժման համար, որ կը յառաջանայ սթրեփթոքոքըս մանրէէն, կամ` ստաֆիլոքոքային մանրէներէ յառաջացած մաշկի վարակներու պարագային:
Հակառակ անոր որ հակապիոթիքները կ'ոչնչացնեն մանրէները, սակայն անոնք արդիւնաւէտ չեն ժահրերու դիմաց: Հետեւաբար անոնք արդիւնաւէտ չեն ըլլար ժահրային վարակներու դէմ, ինչպիսիք են` մրսածութիւնը (common cold), հազի տեսակներու մեծամասնութիւնը, կոկորդի ցաւերու բազմաթիւ տեսակները եւ կրիփը:
Դեղերու գնահատման եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի բժշկական պատասխանատու Ժոզեֆ Թըռնըր կ'ըսէ, թէ մրսածութեան կամ կրիփի ախտանիշները (ժահրային վարակ) կը նուազին մէկ շաբթուան ընթացքին: Բայց եթէ անհատը տաքութիւն ունենայ եւ այլ ախտանիշներ, որոնք կը տեւեն ու կը վատթարանան օրերու ընթացքին, կրնայ ունեցածը պաքթերիական վարակ ըլլալ եւ այս պարագային հարկ է խորհրդակցիլ բուժաշխատողին հետ:
Երբ բժիշկը հակապիոթիք դեղագրէ պաքթերիական վարակ բուժելու համար, կարեւոր է դեղը առնել ճիշդ այնպէս, ինչպէս նշուած է:
Հակապիոթիքներու ճիշդ օգտագործումը խթանելու կարգ մը խորհուրդներ.
FDA-ը հակապիոթիքներու դիմադրութեան դէմ կը պայքարի հետեւեալ ձեւերով.
Որոշակի նոր հակապիոթիքներու հաստատում. 2015-էն FDA-ը հաստատած է նոր հակապիոթիքներ, որոնք կրնան բուժել որոշակի դիմացկուն պաքթերիաներ: Առողջապահութեան մասնագէտներուն խորհուրդ կը տրուի օգտագործելու նոր հակապիոթիքները պատշաճ կերպով, իսկ որոշ հակապիոթիքներու պարագային, օգտագործել զանոնք միայն այն հիւանդներու մօտ, որոնք ունին բուժման սահմանափակ տարբերակներ:
Պիտակաւորման (labeling) կանոնակարգեր, որոնք կը վերաբերին հակապիոթիքներու պատշաճ օգտագործման. Հակապիոթիքներու պիտակաւորումը բազմաթիւ շրջաններու մէջ կը պարունակէ թելադրանքներ, որոնք խորհուրդ կու տան բուժաշխատողներուն, որ այս դեղերը պէտք է օգտագործուին միայն այն վարակներու բուժման համար, որոնք ենթադրաբար կը յառաջանան պաքթերիաներէ: Պիտակաւորումը նաեւ կը խրախուսէ բուժաշխատողները խորհուրդ տալու հիւանդներուն` դեղերու պատշաճ օգտագործման համար:
FDA-ը կը համագործակցի Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններուն հետ (CDC) «Դարձէք խելացի. գիտցէք` հակապիոթիքները ե'րբ կը գործեն» քարոզարշաւով, որ կ'առաջարկէ կայքէջեր, տեղեկատուական թերթիկներ եւ այլ տեղեկատուական աղբիւրներ, որոնք միտուած են հանրութիւնը լուսաբանելու` հակապիոթիքներու դիմացկուն վարակները կանխարգիլելու համար:
Խրախուսել նոր հակապիոթիքներու մշակումը. FDA-ը արդիւնաբերութեան համար մշակած է ուղեցոյցներ այն քլինիքական ուսումնասիրութիւններու տեսակներուն վերաբերեալ, որոնք կրնան իրականացուիլ` գնահատելու, թէ ինչպէ'ս հակապիոթիքները կ'աշխատին տարբեր տեսակի վարակներու բուժման համար: FDA-ը կազմակերպած է սեմինարներ եւ մասնակցած է անոնց: Այդ սեմինարներուն նպատակը եղած է մշակումը նոր հակապիոթիքներու, որոնք պիտի բուժեն դիմացկուն պաքեթրիաներու վարակները: