Հոգեբանը հոգեբանական կրթութեամբ անհատն է, ով կ՛իրականացնէ հետազօտական եւ գործնական մասնագիտական գործունէութիւն հոգեկան առողջութեան (հոգեբանական խորհրդատուութիւն, հոգեթեպերիա եւ այլն) եւ հոգեբանութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ (իրաւաբանական, կազմակերպչական եւ այլն)։
Անհրաժեշտ է տարբերել հոգեբանին հոգեբուժէն (տես՝ Հոգեբուժութիւն), ով բարձրագոյն բժշկական մասնագիտութիւն ունեցող անձն է եւ ով հիմնականին գործ ունի հոգեկան շեղումներ եւ խանգարումներ ունեցող մարդկանց հետ, կ՛իրականացնէ բուժում դեղամիջոցներու օգնութեամբ, եւ հոգեթերապեւտէ (Հոգեթերապիա), ով կ՛իրականացնէ զանազան հոգեբանական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ հոգեկան եւ վարքային խանգարումներու բուժումը՝ հոգեթերապիայի միջոցով (երբեմն դեղորայքային բուժման զուգահեռ)։
Հոգեբան-խորհրդատուի արժէհամակարգը կը համարուի խորհրդատուութեան առանցքային նախադրեալը։ Հոգեբանը պէտք է անկողմնակալ ըլլայ, պէտք չէ խորհրդատուութեան գործընթացի մէջ դնէ իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը եւ արժէհամակարգը։ Ան պարտաւոր է ամբողջութեամբ կեդրոնանալ այցելուի արժէքներու վրայ։ Ս.Պատտէրսոնը կու տա շարք մը պատճառներ, թէ ինչու հոգեբանը պէտք է խուսափի ազդեցութիւն ունենալ այցելուի արժէքներու վրայ.
Ասոնք են այն ոլորտները, որտեղ կարեւոր է խորհրդատուի դիրքորոշումը, ընտանիքն է, սեռական յարաբերութիւնը, կրօնը եւ այլն։