Մանչեսթըր Իւնայթըտ

«Մանչեսթըր Իւնայթըտ» (անգլերէն՝ Manchester United Football Club; արտասանութիւն։ ), անգլիական բրոֆեսիոնալ ֆութպոլային ակումբ Մեծ Մանչեսթըրի Սթրետֆորդ քաղաքէն, կը մասնակցի Բրիմիորլիկայի մէջ։ Կը հիմնադրուի որպէս «Նիւթոն Հիթ (Լանկաշիր Էնդ Յորքշիր Ռեյլուէյ)» 1878 թուականին, կ՛անուանափոխուի 1902 թուականին՝ «Մանչեսթըդ Իւնայթըտ»։ Կը տեղափոխուի «Օլդ Թրաֆորդ» 1910 թուականին։ Աշխարհի ամենահանրահայտ ֆութպոլային ակումբներէն մեկն է, անգլիական Բրիմիորլիկայի հիմնադիր ակումբներէն մէկը 1992 թուականին։

Ակումբը 1910 թուականէն իր խաղերը կ՛անցկացնէ «Օլդ Թրաֆորդ» մարզադաշտին, որ Անգլիոյ՝ տարողութեամբ երկրորդ ֆութպոլային մարզադաշտն է՝ «Ուեմբլիէն» ետք եւ կը տեղաւորուի գրեթէ 76000 հանդիսական։

«Մանչեսթըր Իւնայթըտ» կը համարուի աշխարհի ամենահարուստ եւ ամենաշատ երկրպագուներ ունեցող ակումբներէն մէկը։ Վերջին 20 տարիներու ընթացքին Անգլիոյ ամենայաջողակ ակումբներէն մէկն է. 1986 թուականին նոյեմբերէն, երբ ակումբը սկսաւ գլխաւորել Ալեքս Ֆերգիւսոնը, կը նուաճէ 27 խոշոր բաժակ։ Բրիմիորլիկայի 2010-2011 մրցաշրջանին խումբը կը նուաճէ մրցանիշի 19-րդ տիտղոսը՝ դառնալով Անգլիոյ մրցանիշակիր յաղթականներու տիտղոսներու քանակով եւ շրջանցելով «Լիւըրբուլին», որ յաղթած էր 18 յաղթականական տիտղոս։ 2012-2013 թուականերուն մրցաշրջանին մէջ ակումբը կը նուաճէ նաեւ 20-րդ տիտղոսը։ 1968 թուականին «Մանչեսթըր Իւնայթըտը» կը դառնայ առաջին անգլիական ակումբը, որ նուաճած է Յաղթականներու բաժակը՝ եզրափակչին յաղթելով «Պենֆիքային» 4-1 հաշիւով։ 1999 թուականին «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» կը յաղթէ եւրոպական ամենապատուաբեր ակումբային առաջնութեան՝ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու լիկայի եզրափակչին՝ կամային յաղթանակ տանելով «Պաւարիոյ Միւնխենի» նկատմամբ 2-1 հաշիւով։ 2008 թուականին խումբը կրկին կը նուաճէ Յաղթականներու լիկան՝ յաղթելով Լոնտոնեան «Չելսիին»։ «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» մրցանիշակիր է նաեւ Անգլիոյ բաժակներու քանակով (11 տիտղոս)։

2012-2013 մրցաշրջանի աւարտէն ետք «Մանչեսթըր Իւնայթըտի» գլխաւոր մարզիչը Ալեքս Ֆերգիւսոնը, որ նշանակուած էր այդ պաշտոնին 1986 թուականին նոյեմբեր 6-ին, ձգեց պաշտոնը, սակայն մնաց ակումբային կառոյցներուն մէջ եւ ակումբի տնօրեններու խորհրդի անդամ է, բացի այդ կը հանդիսանայ ակումբի դեսպան։ Ալեքս Ֆերգիւսոնի գլխաւորութեամբ ֆութպոլային ակումբը 27 տարուայ ընթացքին նուաճած էր 38 տիտղոս, որուն շնորհիւ ան դարձաւ ֆութպոլի պատմութեան մէջ մեծագոյն մարզիչներէն մէկը։

Ներկայիս խումբի գլխաւոր մարզիչը հոլանտացի մասնագէտ Լուի վան Գալն է։ Ան փոխարինեց մարզչի պարտականութիւնները կատարող Ռաեան Գիգզին. վերջինսը նշանակուած էր այդ պաշտոնին Դաւիթ Մոյեսի հեռանալէն ետք։ Խումբի աւագը Ուէյն Ռունին է, որ 2014 թուականին ամրան փոխարինեց Նեմանեա Վիտիչին։

Պատմութիւն

Կանուխ շրջան (1878-1945)

«Նիւտոն Հիթը» 1892 թուականին

Ակումբը կը ձեւաւորուի «Նիւտոն Հիթ (Լանկաշիր էնդ Յորքշիր Ռէյլուէյ)» (անգլերէն՝ Newton Heath L&YR F.C) անուամբ Մանչեսթըրի երկաթողիի խումբ մը աշխատողներու կողմէ 1878 թուականին։ Ակումբային մարզահագուստը ունէր երկու գոյն՝ կանաչ եւ ոսկեգոյն։ 15 տարուայ ընթացքին ակումբը կու գար տարածքով փոքր եւ կիսավեր «Նորթ Ռոուդ» մարզադաշտին մէջ, որմէ ետք՝ 1893 թուականին, տեղափոխուեցաւ Քլեյտոնի մէջ գտնուող «Պենք Սթրիթ» մարզադաշտը։ Անոնցմէ մէկ տարի առաջ ակումբը միացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլային լիկային եւ առանձնացաւ երկաթուղիներէն։ Ստեղծուեցաւ ակումբային քարտուղարի պաշտոնը, իսկ անուանումէն հանուեցաւ «Լանկաշիր էնտ Յորքշիր Ռեյլուէյ» լրացումը. ակումբը սկսաւ պարզապէս կոչել «Նիւտոն Հիտ»։ 1902 թուականին խումբը սնանկութեան եզրին էր՝ ունենալով աւելի քան 2500 ֆոնտ ստեռլինգի պարտք։ «Պենք Սթրիթ» մարզադաշտը պէտք է փակուեր դատարանի կողմէ։ Ճոն Հենրի Դեւիսը՝ Մանչեսթըրի գարեջուրի գործարանի ղեկավարը, բաւական մեծ չափի ներդրումներ կատարեց։ 1902 թուականին ապրիլ 26-էն ետք ակումբը փոխեց իր անունը եւ պաշտոնապէս սկսաւ անուանուիլ «Մանչեսթըր Իւնայթըտ»։ Միաժամանակ փովուեցաւ նաեւ ակումբի գոյները. կանաչը ու ոսկեգոյնը վերափոխուեցան կարմիրի եւ սպիտակի։

1903 թուականին ակումբային քարտուղար նշանակուեցաւ Ճէյմս Մանգնել Էռնեստը, որուն մէջ ղեկավարութեամբ 1906 թուականին «Իւնայթըտը» դուրս եկաւ Առաջին փաժանում, իսկ 1907-08 թուականներու մրցաշրջանին մէջ նուաճեց իր առաջին յաղթական տիտղոսը՝ Անգլիոյ յաղթական կոչումը։ Այդ ժամանակ հարեւան «Մանչեսթըր Սիթիէն» «Իւնայթըտ» տեղափոխուեցան շարք մը ֆութպոլիստներ, այդ թիւին՝ Պիլլի Մերետիտ եւ Սենդի Թերնբուլլ, որոնք հետագային դարձան խումբին առանցքային խաղացողները։ 1908 թուականին «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» առաջին անգամ նուաճեց Անգլիոյ սուբըրբաժակը, իսկ 1909 թուականին՝ Անգլիոյ առաջին բաժակը։ 1910-1911 թուականներու մրցաշրջանին «Իւնայթըտ» երկրորդ անգամ դարձաւ Առաջին փաժանումի յաղթանակ։ Նոյն մրցաշրջանին տեղափոխուեցաւ իր նոր «Օլդ Թրաֆորդ» մարզադաշտ։

Յաջորդ տասնամեակի ընթացքին «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» չ՛կարողացաւ նոր տիտղոսներ նուաճել, իսկ 1922 թուականին կրկին վերադարձաւ Երկրորդ փաժանում։ 1925 թուականին «Իւնայթըտ» վերադարձաւ Առաջին փաժանում, բայց կը պայքարէր միայն մրցաշարային աղոյսակի առաջին հատուածին մէջ տեղ գտնելու համար եւ նորէն անցաւ Երկրորդ փաժանում 1931 թուականին։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին (1939-1945) նախորդող ութ տարիներու ընթացքին «Իւնայթըտ» պարբերաբար փաժանումէ մը միւսը կը տեղափոխուէր, իսկ 1934 թուականին առաջնութեան մէջ գրաւեց իր պատմութեան մէջ ցածրագոյն՝ 20-րդ հորիզոնականը Երկրորդ փաժանման մէջ։ 1927 հոկտեմբերին՝ Ճոն Հենրի Դեւիսի մահէն ետք, «Մանչեսթըր Իւնայթըտի» ֆինանսական դրութիւնը կտրուկ վատթարացաւ, եւ 1931 թուականին վերջին ակումբը հայտնուեցաւ սնանկութեան եզրին։ Խումբին հովանաւորեց տեղացի գործարար Ճէյմս Ուլիլիամ Կիբսոնը, որ մարեց ակումբի բոլոր պարտքերը եւ դարձաւ նոր ղեկավարը։ 1938-39 մրցաշրջանը խումբը աւարտեցաւ Առաջին փաժանման 14-րդ հորիզոնականին մէջ։

Պասպիի ժամանակաշրջանը (1945-1969)

«Պասպիի փոքրիկները» Դանիոյ մէջ, 1955 թուական
«Պասպիի փոքրիկները» իրենց վերջին խաղէն առաջ
1958 փետրուար 6-ին Մյունխենի աւիաւթարի զոհերուն նուիրուած յուշատախտակ «Օլդ Թրաֆորդի»մէջ

1945 թուականին «իւնայթըտի» գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Մեթ պասպին։ Պասպիի եւ իր օգնական՝ Ճիմ Մերֆիի ղեկավարութեամբ ակումբը երեք մրցաշրջան շարունակ կրցաւ երկրորդ տեղը գրաւել առաջնութեան մէջ՝ 1946-47, 1947-48 եւ 1948-49, իսկ 1948 թուականին նուաճեց Անգլիոյ բաժակը։ 1951-52 թուականներու մրցաշրջանին մէջ՝ վերջին յաղթանակէն 41 տարի անց, «իւնայթըտ» յաղթեց Առաջին փաժանման առաջնութեան մէջ։

Յուշարձան՝ նուիրուած «Մանչեսթըր իւնայթըտի» լեճընտ եռիակին՝ Ճորճ Բեսթին, Դենիս Լոուին եւ Պոպի Չարլթոնին

Խումբի նոր կազմը բաղկացած էր բարձր տարիքային խումբի ներկայացուցիչներէն, եւ պասպին սկսաւ հիմնական խումբ հրաւիրել երիտասարդական հաւաքականի ֆութպոլիստներուն՝ Ռոճեր Բեռնին, Պիլ Ֆոուլքսին, Մարկ Ճոնսին, Տենիս Վայոլեթին։ Սակայն առաջին շրջանին՝ 1952-53 թուականներու մրցաշրջանին, պասպիի երիտասարդացած խումբը աւարտեց առաջնութիւնը միայն 8-րդ տեղին մէջ, իսկ արդեն 1955-56 թուականներու մրցաշրջանին «իւնայթըտ» Անգլիոյ յաղթանակ հռչակուեցաւ։ Խումբին խաղացողներու միջին տարիքը 22 էր։ Մամուլի մէջ ակումբի երիտասարդ սաներուն «պասպիի փոքրիկներ» կ՛անուանէին։ 1956-57 թուականներու մրցաշրջանին «իւնայթըտ» կրկին նուաճեց Առաջին փաժանման առաջնութեան յաղթանակ կոչումը, ինչպէս նաեւ հասաւ Անգլիոյ բաժակի եզրափակիչ եւ Եւրոպայի յաղթականներու բաժակի կիսաեզրափակիչ՝ դառնալով առաջին անգլիական ակումբը, որ մասնակցութիւն ունեցաւ այդ եւրոպական մրցաշարին մէջ։

1957-1958 թուականներու մրցաշրջանին՝ «Ցրուենա Զուեզդայի» հետ խաղէն ետք՝ Պելկրատէն վերադառնալով, «իւնայթըտի» խաղացողներով ինքնաթիռը 1958 փետրուար 6-ին Միւնխենի օդանաւակաեանին մէջ վթարի ենթարկուեցաւ։ Աւիաւթարը ութ ֆութպոլիստի կեանք խլեց (Ճեֆ Բենթ, Էտի Քոլման, Դունկան Էտուարտս, Մարկ Ճոնս, Տեւիդ Փեգ, Թոմի Թեյլոր եւ Լիան Ուիլան)։ Զոհուեցան տասնհինգ այլ ուղեւորներ՝ ներառեալ մարզչական շտապի անդամները՝ Ուոլթեր Քրիքմերը, Ուոլի Բերթը եւ Թոմ Քարին։ Մեթ Բեսբին ծանր վնասուածքներ ստացաւ, բայց կրցաւ բուժուիլ եւ վթարէն երեք ամիս անց կրկին վերադարձաւ ակումբի ղեկավարման աշխատանքներուն։ Ի զարմանս շատերու՝ չունենալով հիմնական կազմի շարք մը առանցքային ֆութպոլիստներ՝ «իւնայթըտ» կրցաւ հասնիլ Անգլիոյ բաժակի եզրափակիչ, ուր զիջեց «Պոլթոնին»։ Մրցաշրջանի վերջը ԻՒԵՖԱ-ն առաջարկեց Անգլիոյ ֆութպոլի ասոցիացիային երկու խումբ հայտաւորել Եւրոպայի յաղթականներու բաժակին մէջ, սակայն Ֆութպոլի ասոցիացիան մերժեց առաջարկը։ 1958-59 թուականներու մրցաշրջանին «իւնայթըտ» գրաւեց երկրորդ տեղը։

1960-ական թուականներու սկզբին պասպին սկսաւ խումբին վերակառուցման՝ պայմանագիր կնքելով Տենիս Լոուի եւ Փեթ Քրերանդի հետ, միաժամանակ փնտրելով երիտասարդ եւ տաղանդաւոր ֆութպոլիստներու։ Անոնցմէ աչքի ինկաւ Ճորճ Բեսթը։ Այս խումբով պասպին նուաճեց 1963 թուականի Անգլիոյ առաջնութեան ուղեգիր, թէեւ առաջնութիւնը աւարտած էր ընդամենը 19-րդ հորիզոնականին մէջ։ Արդեն 1963-64 թուականներու մրցաշրջանին «իւնայթըտ» գրաւեց 2-րդ տեղը, իսկ 1964-65 եւ 1966-67 թուականներու մրցաշրջաններուն դարձաւ Անգլոյ յաղթանակ։ 1968 թուականին «Մանչեսթըր իւնայթըտ» անցաւ Եւրոպայի յաղթականներու բաժակի եզրափակիչ, ուր 4-1 հաշիւով յաղթեց Փորթուկալական «Պենֆիքային»։ Այդ արդիւնքով «Մանչեսթըր իւնայթըտ» դարձաւ առաջին անգլիական ակումբը, որ յաղթեց այդ մրցաշարը։ «իւնայթըտի» առաջին կազմի երեք ֆութպոլիստներ դարձան «Ոսկէ գնդակի» յաղթողներ՝ Պոպի Չարլթոնը, Տենիս Լոուն եւ Ճորճ Բեսթը։ 1969 թուականին Մեթ պասպին լքեց գլխաւոր մարզչի պաշտոնը՝ զիջելով այն «իւնայթըտի» նախկին խաղացող Ուիլֆ ՄաքԳինեսին։

Ակումբի երկրպագուներու համար կը գործեն Manchester United Finance եւ One United ծրագիրները, որոնց անդամներուն համար մատչելի են ակումբի հետ կապուած իրերը, ապրանքները եւ ծառայութիւնները։ Գոյութիւն ունի նաեւ ակումբային հեռուստատեսութիւն՝ MUTV հեռուստաալիքը, որուն հասանելիութիւնը վճարովի է։ Ակումբը նաեւ նշանակալի եկամուտներ կը ստանայ իր հովանաւորներէն. բացի Nike ընկերութենէն եւ տիտղոսային հովանաւորէն (այն այս պահին Chevrolet ընկերութիւնն է), ակումբի հովանաւորներու թիւին կը պատկանի նաեւ Audi, Budweiser, Betfair, Hublot, Smirnoff, Turkish Airlines, Աերոֆլոտ, Hi Seoul, aigo, Kumho, Airtel, MTN, STC, Tri Indonesia, Bakcell, Lucozade Sport, Viagogo, Key 103, Globacom ընկերութիւնները։ Nike ընկերութիւնը կը զբաղի ակումբային մարզահագուստի մերչանդայզինգով. գովազդային համաձայնութեան գործունէութեան առաջին 22 ամիսներուն ընթացքին ակումբը կը վճառէ «Իւնայթըտի» խորհրդանիշով 3,8 միլիոն մարզաշապիկ։

Հովանաւորներ

Ժամանակաշրջան Մարզահագուստի
մատակարար
Տիտղոսային
հովանաւոր
1945-1975 Umbro առանց հովանաւորի
1975-1980 Admiral
1980-1982 Adidas
1982-1992 Sharp Electronics
1992-2000 Umbro
2000-2002 Vodafone
2002-2006 Nike
2006-2010 AIG
2010-2014 Aon
2014-2015 Chevrolet
2015-2021 Adidas
2021–2025 անհայտ

Ակումբը իր պատմութեան ընթացքին հինգ հովանաւոր ունեցած է, որոնց անունները գրուած են մարզաշապիկներուն վրայ։ Առաջին եւ ամենաերկար գործունէութիւն ծաւալած հովանաւորը եղած է Sharp-ը (1982 թուականէն մինչեւ 2000 թուական)։ Sharp-ի հետ պայմանագիրը դարձաւ ամենաերկարատեւ եւ շարունակական հովանաւորչական պայմանագրերէն մէկը անգլիական ֆութպոլի պատմութեան մէջ։

2000 թուականին ակումբը 30 միլիոն ֆոնտ արժողութեամբ քառամեա հովանաւորչական պայմանագիր կնքեց Vodafone ընկերութեան հետ։ Հովանաւորչական պայմանագիրը հետագային երկարաձգուեցաւ երկու տարի, իսկ պայմանագրային վճարումներու ընդհանուր գումարը կազմեց 36 միլիոն ֆոնտ։ 2005 թուականին նոյեմբեր 23-ին Vodafone ընկերութիւնը հայտարարեց, որ համաձայնութիւնը պիտի չ՛երկարացուի։

2006 թուականին ապրիլ 6-ին ակումբի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Ալան Կիլը հայտարարեց, որ ակումբի նոր հովանաւորը պիտի դառնայ AIG ընկերութեան։ Մեծ Պրիթանիոյ համար մրցանիշի պայմանագիր ստորագրուեցաւ 56,5 միլիոն ֆոնտ արժողութեամբ, որ պէտք է ակումբին վճարուէր չորս տարուայ ընթացքին (տարեկան 14,1 միլիոն)։ Այդ ձեւով «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» դարձաւ աշխարհի ամենախոշոր հովանաւորչական պայմանագրի սեփականատէրը։ AIG ընկերութիւնը որոշեց չ՛երկարաձգել պայմանագիրը 2010 թուականին մայիսի պայմանագրի ժամկէտը աւարտելէ ետք, եւ 2009 թուականին իւնիս 3-ին ակումբը նոր հովանաւորչական պայմանագիր կնքեց ամերիկեան Aon ընկերութեան հետ, որ սկսաւ գործել 2010 թուականին իւնիս 1-էն։ Քառամեա պայմանագրի համաձայն՝ վճարումները կազմեցին £80 միլիոն, որ մրցանիշ է ֆութպոլի պատմութեան հովանաւորչական համաձայնութիւններու բնագաւառին մէջ։

2012 թուականին յուլիս 30-ին «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» եւ General Motors ընկերութիւնը յոթամեա հովանաւորչական համաձայնութիւն կնքեցին։ Վերջին պայմաններուն համաձայն՝ սկսած 2014-15 մրցաշրջանէն՝ ակումբի տիտղոսային հովանաւորը Chevrolet-ն է։ Ակումբը 7 տարուայ ընթացքին կը շահի 559 միլիոն Ամերիկեան տոլար կամ տարեկան 80 միլիոն Ամերիկեան տոլար։

Ակումբի ողջ պատմութեան մէջ եղած է մարզական հագուստի 4 պաշտօնական մատակարար։ Անոնցմէ առաջինը դարձաւ տեղական Umbro ընկերութիւնը, իսկ 1975 թուականին մատակարար դարձաւ Admiral ընկերութիւնը։ Այդ 1976 թուականին առաջին անգամ իր լոգոթիպը զետեղեց «Մանչեսթըր Իւնայթըտի» մարզաշապիկին վրայ։ 1980 թուականին խումբին համար հագուստի եւ կոշիկներու մատակարար դարձաւ Adidas ընկերութիւնը, իսկ 1992 թուականին Umbro ընկերութիւնը նոր պայմանագիր կնքեց ակումբին հետ։ Umbro-ի հետ պայմանագիրը տեւեց եւս տասը տարի, մինչ ակումբը մրցանշային 302,9 միլիոն ֆոնտ արժողութեամբ պայմանագիր կնքեց Nike ընկերութեան հետ։ Nike-ի հետ համաձայնութիւնը կնքուեցաւ 13 տարի ժամկէտով։ Սկսած 2015-16 մրցաշրջանէն՝ ակումբի մարզահագուստի պաշտօնական մատակարարը մարզական իրերու գերմանական արտադրող Adidas-ն է, որուն հետ պայմանագիր կը կնքուի 10 տարի ժամկէտով։ Պայմանագրի արժողութիւնը կը կազմէ £750 միլիոն։

Ներկայ կազմ

Կը թարմանացուի 2015 թուականին սեբտեմբեր 2-ին: Կաղապար:Ֆթ սկիզբ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացողԿաղապար:Թիմի ավագ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ մեջտեղ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ վերջ

Պահեստայիններ (մինչեւ 21 տարեկան ֆութպոլիստներու կազմ)

Կաղապար:Ֆթ սկիզբ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ մեջտեղ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ վերջ

Վերջին Փոխարումները

Եկած են ակումբ

Ամսաթիւ Դիրք Անուն Ակումբէն Գումար
1 Յուլիս 2015 ԿՊ Կաղապար:Country data Նիդերլանդներ Մեմֆիս Դեպայ Կաղապար:Country data Նիդերլանդներ ՊՍՎ £24,6 միլիոն
11 Յուլիս 2015 ՊՇ  Իտալիա Մաթթէօ Դարմեան  Իտալիա Թորինո £12,7 միլիոն
13 Յուլիս 2015 ԿՊ  Գերմանիա Պասթիան Շուանսթայկըր  Գերմանիա Պաւարիա £14,4 միլիոն
13 Յուլիս 2015 ԿՊ  Ֆրանսա Մորկան Շնայտերլին Կաղապար:Country data Անգլիա Հարաւհեմփթոն £25 միլիոն
27 Յուլիս 2015 ԴՊ Կաղապար:Country data Արգենտինա Սերժիո Ռոմերո ազատ գործակալ անուճառ
1 Սեբտեմբեր 2015 ՀՐ  Ֆրանսա Անթոնի Մարսիալ  Ֆրանսա Մոնակո £36 միլիոն
1 սեբտեմբեր 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Ուելս Ռեգան Փուլ Կաղապար:Country data Անգլիա Նիւփորթ Քաունթի £100 000

Հերացած են ակումբէն

Ամսաթիւ Դիրք Անուն Ակումբ Գումար
1 Յուլիս 2015 ԿՊ Կաղապար:Country data Անգլիա Թոմ Քլեւերլի Կաղապար:Country data Անգլիա Էվերթոն ազատ գործակալ
1 Յուլիս 2015 ԴՊ Կաղապար:Country data Անգլիա Պեն Էյմոս Կաղապար:Country data Անգլիա Բոլտոն ազատ գործակալ
1 Յուլիս 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Անգլիա Թոմ Տորփ Կաղապար:Country data Անգլիա Ռոթերեմ Իւնայթըտ ազատ գործակալ
1 Յուլիս 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Անգլիա Կալում Էվանս Կաղապար:Country data Անգլիա Պարնսլի ազատ գործակալ
1 Յուլիս 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Իռլանդիա Ռաեան Մաքքոնել ազատ գործակալ
1 Յուլիս 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Շվեյցարիա Սայտի եանկօ Կաղապար:Country data Շոտլանդիա Սելթիք ազատ գործակալ
6 Յուլիս 2015 ՀՐ Կաղապար:Country data Չիլի Անժելօ Էնրիքէզ Կաղապար:Country data Խորվաթիա Դինամո չի հրապարակուիր
6 Յուլիս 2015 ԿՊ Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Նանի  Թուրքիա Ֆեներբահճէ £4,25 միլիոն
14 Յուլիս 2015 ՀՐ Կաղապար:Country data Նիդերլանդներ Ռոպեն վան Բերսի  Թուրքիա Ֆեներբահճէ £4,7 միլիոն
21 Յուլիս 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Անգլիա Ռիս Ճէյմս Կաղապար:Country data Անգլիա Ուիգան £1 միլիոն
3 Օգոստոս 2015 ՊՇ  Բրազիլիա Ռաֆայել Պերեյրա Տա Սիլուա  Ֆրանսա Օլիմբիկ £2,5 միլիոն
6 Օգոստոս 2015 ԿՊ Կաղապար:Country data Արգենտինա Անժել Տի Մարիա  Ֆրանսա ՊՍԺ £44,3 միլիոն
29 Օգոստոս 2015 ՊՇ Կաղապար:Country data Հյուսիսային Իռլանդիա Ճոնի Էվանս Կաղապար:Country data Անգլիա Վեսթ Բրոմուիչ Ալպիոն £6 միլիոն
31 Օգոստոս 2015 ՀՐ Կաղապար:Country data Մեքսիկա Ժաւիէր Հերնանտէզ  Գերմանիա Պայեր 04 £7,3 միլիոն
31 Օգոստոս 2015 ԴՊ  Դանիա Աներս Լինտեկոր Կաղապար:Country data Անգլիա Վեսթ Բրոմուիչ Ալպիոն ազատ գործակալ

Վարձավճարով հանդես եկող ֆութպոլիստներ

Կաղապար:Ֆթ սկիզբ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ մէջտեղ Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ խաղացող Կաղապար:Ֆթ վերջ

Ակումբի պաշտօնատար անձիք

Ակումբի համաշխարհային դեսպան Պրաեան Ռոպսոնը
  • Սեփականատեր. Գլեյզերներու ընտանիք (Red Football Shareholder Limited)։
  • Պատուաւոր նախագահ. Մարտին Էտուարտս։

«Մանչեսթըր Իւնայթըտ» չափաւոր

  • Համանախագահներ. Ճոէլ Կլեյզեր եւ Աւրամ Կլեյզեր։
  • Գործադիր տնօրէն. Էտ Վուտուորտ
  • Գլխաւոր մենեջեր. Մայքլ Պոլինկպրոուր։
  • Առեւտրային տնօրէն. Ռիչարտ Առնոլտ։
  • Ղեկավարութեան այլ անդամներ. Պրաեան Կլեյզեր, Քեւին Կլեյզեր, Էտուարտ Կլեյզեր, Տարսի Կլեյզեր, Ռոպերթ Լեյտաու, Ճոն Հուքս եւ Մանու Սոունի։

«Մանչեսթըր Իւնայթըտ» ֆութպոլային ակումբ

Մարզչական եւ բժշկական

«Իւնայթըտի» գլխաւոր մարզիչ Լուի վան Գալ
Պաշտօն Անուն
Գլխաւոր մարզիչ Կաղապար:Country data Նիդեռլանդներ Լուի վան Գալ
Գլխաւոր մարզիչի օգնական Կաղապար:Country data Ուելս Ռաեան Կիկզ
Գլխաւոր մարզիչի օգնական Կաղապար:Country data Նիդեռլանդներ Ալպերթ Ստյոնուենբերգ
Աւելորդ խաղացողներու գլխաւոր մարզիչ Կաղապար:Country data Անգլիա Ուորեն Ճոյս
Մինչեւ 18 տարեկան խաղացողներու հաւաքականի մարզիչ Կաղապար:Country data Անգլիա Փոլ Մաք Գինես
Երիտասարդական ակադեմիոյ տնօրէն Կաղապար:Country data Անգլիա Բրաեան Մաքքլեր
Դարպասապահներու մարզիչ Կաղապար:Country data Նիդեռլանդներ Ֆրանս Հուկ
Մրցակիցներու գլխաւոր սքաութ Կաղապար:Country data Նիդեռլանդներ Մարսել Բաութ
Ֆիզիքական պատրաստուածութեան մարզիչ Կաղապար:Country data Անգլիա Մայք Քլեգ
Մարմնի շիտակ պահելու մարզիչ Կաղապար:Country data Անգլիա Թոնի Ստրադուիկ
ՕԳԳ-ի մարզիչ Կաղապար:Country data Անգլիա բժիշկ Ռիչարտ Հոքինս
գլխաւոր սքաութ Կաղապար:Country data Անգլիա Ջիմ Լոուլոր
գլխաւոր եւրոպական սքաութ Կաղապար:Country data Անգլիա Ռոբի Կուկ
Ակումբային բժիշկ Կաղապար:Country data Անգլիա Սթիւ Մաքնելի
գլխաւոր ֆիզիոթերապեւտ Կաղապար:Country data Անգլիա Նիլ Հաֆ

Գլխաւոր մարզիչներ

Մանչեսթըր Իւնայղըտը իր պատմութեան մէջ ունեցած է 22 մարզիչ։ Ստորեւ աղիւսակով ներկայացուած է մարզիչներու վերաբերեալ վիճակագրութիւն.

Անուն, ազգանուն Քաղաքացիութիւն Աշխատանքի
սկիզբ
Աշխատանքի
ավարտ
Խ Հ Ո Պ ԽԳ ԲԹԳ Հաղթանակների % Ծան.
Ալֆրեդ Էլբատ Կաղապար:ENG - - - - - - -
Ջեյմս Ուեսթ Կաղապար:ENG սեպտեմբեր 113 46 20 47 159 147 40,71
Էռնեստ Մանգնել Կաղապար:ENG 373 202 76 95 700 476 54,16
Տի Ճէյ Ուոլլուորտ 0 6 3 2 1 11 7 50,00
Ճոն Բենթլի Կաղապար:ENG 82 36 16 30 127 110 43,90
Ջեք Ռոբսոն Կաղապար:ENG 139 41 42 56 183 207 29,50
Ճոն Չեպմեն Կաղապար:ENG 221 86 58 77 287 274 38,91
Լալ Հիլդիչ Կաղապար:ENG 33 10 10 13 38 47 30,30
Հերբերտ Բեմպլեթ Կաղապար:ENG 183 57 42 84 280 374 31,15
Ուոլտեր Կրիկմեր Կաղապար:ENG 43 17 8 18 72 76 39,53
Սքոթ Դունկան Կաղապար:SCO 235 92 53 90 371 362 39,15
Ուոլտեր Կրիկմեր Կաղապար:ENG 76 30 24 22 131 112 39,47
Մեթ պասպի Կաղապար:SCO 1120 565 263 292 2286 1536 50,45
Ջիմմի Մերֆի Կաղապար:Դրօշաւորում/Ուելս 22 5 7 10 27 42 22,73
Ուիլֆ ՄաքԳինես Կաղապար:ENG 87 32 32 23 127 111 36,78
Մեթ պասպի Կաղապար:SCO 21 11 3 7 38 30 52,38
Ֆրենք Օ'Ֆարրել Կաղապար:IRL 81 30 24 27 115 111 37,04
Թոմմի Դոքերթի Կաղապար:SCO 228 107 56 65 333 252 46,93
Դեյվ Սեկստոն Կաղապար:ENG 201 81 64 56 290 240 40,30
Ռոն Աթքինսոն Կաղապար:ENG 292 146 79 67 461 266 50,00
Ալեքս Ֆերգիւսոն Կաղապար:SCO 1500 895 338 267 2769 1365 59,67
Դաւիթ Մոյես Կաղապար:SCO 51 27 9 15 86 54 52,94
Ռաեան Կիկզ Կաղապար:WAL 4 2 1 1 8 3 50,00
Լուի վան Գալ Կաղապար:NED 44 23 11 10 71 44 52,27

Մրցանակակիր մարզիչներ

Ստորեւ ներկայացուող բոլոր մարզիչները «Մանչեսթըր Իւնայթըտի» հետ յաղթած են գոնր մէկ մրցաշարի մէջ (բացի Անգլիոյ սուբըրբաժակներուն մէջ).

Անուն Աշխատաշրջան Յաղթած մրցաշարեր
Կաղապար:Country data Անգլիա Էռնեստ Մանգնել 1903-1912 Առաջին փաժանմունքի 2 յաղթանական տիտղոս, 1 Անգլիոյ բաժակ, 2 Անգլիոյ սուբըրբաժակ
Կաղապար:Country data Շոտլանդիա Մեթ Պասպի 1945-1969 Առաջին փաժանմունքի 5 յաղթանական տիտղոս, 2 Անգլիոյ բաժակ, 5 Անգլիոյ սուբըրբաժակ, 1 Յաղթականներու լիկայի բաժակ
Կաղապար:Country data Շոտլանդիա Թոմմի Դոքերթի 1972-1977 1 Անգլիոյ բաժակ
Կաղապար:Country data Անգլիա Ռոն Աթքինսոն 1981-1986 2 Անգլիոյ բաժակ, 1 Անգլիոյ սուբըրբաժակ
Կաղապար:Country data Շոտլանդիա Ալեքս Ֆերգիւսոն 1986-2013 Բրիմիոր լիկայի 13 յաղթանական տիտղոս, 5 Անգլիոյ բաժակ, 4 Լիկայի բաժակ, 10 Անգլիիյ սուբըրբաժակ, 2 Յաղթականներու լիկայի բաժակ, 1 Բաժակակիրներու բաժակ, 1 ԻՒԵՖԱ-ի սուբըրբաժակ, 1 Միջմայրցամաքային բաժակ, 1 Աշխարհի ակումբային առաջնութեան բաժակ

Մանչեսթըր Իւնայթըտի արդիւնքները Բրիմիոր լիկային

Մրցաշրջան Տեղ Միաւորներ Խաղեր Յաղթանակ Պարտութիւն Ոչ-մէկուն հարուածած կոլեր Բաց ձգաց ֆոլեր Տարբերութիւնը
2014-2015 4 70 38 20 10 8 68 37 +31
2013-2014 7 64 38 19 7 12 64 43 +21
2012-2013 1 89 38 28 5 5 86 43 +43
2011-2012 2 89 38 28 5 5 89 33 +56
2010-2011 1 80 38 23 11 4 78 37 +41
2009-2010 2 85 38 27 4 7 86 28 +58
2008-2009 1 90 38 28 6 4 68 24 +44
2007-2008 1 87 38 27 6 5 80 22 +58
2006-2007 1 89 38 28 5 5 83 27 +56
2005-2006 2 83 38 25 8 5 72 34 +38
2004-2005 3 77 38 22 11 5 58 26 +32
2003-2004 3 75 38 23 6 9 64 35 +29
2002-2003 1 83 38 25 8 5 74 34 +40
2001-2002 3 77 38 24 5 9 87 45 +42
2000-2001 1 80 38 24 8 6 79 31 +48
1999-2000 1 91 38 28 7 3 97 45 +52
1998-1999 1 79 38 22 13 3 80 37 +43
1997-1998 2 77 38 23 8 7 72 27 +45
1996-1997 1 75 38 21 12 5 76 44 +32
1995-1996 1 82 38 25 7 6 73 35 +38
1994-1995 2 88 42 26 10 6 77 28 +49
1993-1994 1 92 42 27 11 4 80 38 +42
1992-1993 1 84 42 24 12 6 67 31 +36

Տիտղոսներ

Բրիմիոր լիկայի Յաղթականներու բաժակը, Եւրոպական յաղթականներու բաժակը եւ Անգլիոյ բաժակը, որոնք ակումբը կը նուաճեն 1999 թուականին

«Մանչեսթըր Իւնայթըտ» ակումբին կը պատկանի Անգլիոյ առաջնութեան մէջ ամենաշատ յաղթանակներու մրցանիշը (20 տիտղոս)։ Բացի այդ՝ «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» ակումբը իր պատմութեան մէջ երեք անգամ կը յաղթէ «տուպլը» (մէկ մրցաշրջանի ընթացքին թէ՛ առաջնութեան մէջ, թէ՛ բաժակի խաղարկութեան մէջ յաղթանակ տանելով)։

* սուբըրբաժակի առանձնացուած յաղթանակները (խաղերուն ոչ մէկուն կը գրանցէ եւ յաղթող կը ճանչուին երկու ակումբ-մասնակիցներն ալ)։

«Տուպլներ» եւ «տրեպլներ»

  • «Տուպլներ»։
    • լիկա եւ Անգլիոյ բաժակ. 3
    • լիկա եւ ֆութպոլային լիկայի բաժակ. 1
    • Եւրոպական «տուպլ» (Բրիմիոր լիկա եւ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու լիկա). 2
  • «Տրեբլ» (Բրիմիոր լիկա, Անգլիոյ բաժակ եւ ԻՒԵՖԱ Յաղթականներու լիկա). 1

Կարճ մրցաշարերը՝ ներառեալ Անգլիոյ սուբըրբաժակը, Միջմայրցամաքային բաժակը, Աշխարհի ակումբային առաջնութիւնը եւ ԻՒԵՖԱ սուբըրբաժակը, չեն հաշուեր «տուպլի» կամ «տրեպլի» որոշման ժամանակ։

Մրցանիշեր

Խմբային Մրցանիշեր

  • Ամենախոշոր հաշիւով յաղթանակը բոլոր մրցաշարերուն. 10-0՝ ընդդէմ «Անտերլեխթի», Եւրոպական յաղթականներու բաժակ, 26 սեպտեմբեր 1956 թուական։
  • Ամենախոշոր հաշիւով յաղթանակը Բրիմիոր լիկային մէջ. 9-0՝ ընդդէմ «Իպսուիչ Թաունի», Բրիմիոր լիկա, 4 մարտ 1995 թուական։
  • Արտագնայ խաղերուն տարած ամենախոշոր հաշիւով յաղթանակը. 1-8՝ ընդդէմ «Նոտինքհեմ Ֆորեսթի», Բրիմիոր լիկա, 6 փետրուար 1999 թուական։
  • Ամենաերկար անպարտ խաղերու շարքը բոլոր մրցաշարերուն. 33 խաղ՝ 1998 թոպականին դեկտեմբեր 26-էն մինչեւ 1999 թուականին մայիս 26։
  • Ամենաերկար անպարտ խաղերու շարքը Յաղթականներու լիկային մէջ. 25 խաղ՝ 2007 թուականին սեպտեմբեր 19-էն մինչեւ 2009 թուականին մայիս 5։
  • Ամենաերկար անպարտ տնային խաղերու շարքը Յաղթականներու լիկային մէջ. 24 խաղ՝ 2005 թուականին օգոստոս 9-էն մինչեւ 2009 թուականին նոյեմբեր 25։
  • Ամենամեծ թիւով ինքնակոլերը տուեալ մրցաշրջանուն Բրիմիոր լիկային. 11՝ 2009-2010 մրցաշրջան։
  • Տնային խաղերու ամենաշատ դիտողունակութիւն բոլոր մրցաշարերուն. 82 771՝ ընդդէմ «Բրեդֆորդ Պարկ Աւենիւի» «Մեյն Ռոուտուի մէջ», Անգլիոյ բաժակ, 29 իւնուար 1949 թուական։
  • Տնային խաղերու ամենաշատ դիտողունակութիւն Բրիմիոր լիկային («Օլդ Թրաֆորդի մէջ»). 76 098՝ ընդդէմ «Բլեքբեռն Ռովերսի», 31 մարտ 2007 թուական։

2015 թուականին յուլիս 30-ի դրութեամբ «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» ակումբը բոլոր պաշտոնական մրցաշարերուն կ՛անցկացրէ 5434 խաղ, որոնցմէ՝ 2668 յաղթանակ, 1284 ոչ-մէկուն եւ 1482 պարտութիւն։

Խաղացողներու մրցանիշեր

  • Մրցաշրջանի ամենաշատ թիւով կոլերը բոլոր մրցաշարերուն. 46՝ Դենիս Լոու, 1963-64 մրցաշրջան։
  • «Հեթ-թրիքներու» ամենաշատ թիւը բոլոր մրցաշարերուն. 18՝ Դենիս Լոու (14 «հեթ թրիք» եւ 4 «պոկեր» 1962 թուականին նոյեմբեր 3-էն մինչեւ 1971 թուականին ապրիլ 17)։
  • Ամենաշատ կոլերու թիւը մէկ խաղին. 6։
    • Հարոլդ Հալս, ընդդեմ «Սուինդոն Թաունի», Անգլիոյ սուբըրբաժակ, 25 դեկտեմբերի 1911 թվական;
    • Ջորջ Բեսթ, ընդդեմ «Նորթհեմփթոն Թաունի», Անգլիոյ բաժակ, 7 փետրվարի 1970 թվական։
  • Անգլիոյ առաջնութեան ամենաերկար գոլային շարքը. 10 խաղ (15 գոլ)՝ Ռուդ վան Նիստելռոյ, 2003 թվականի մարտի 22-ից մինչեւ օգոստոսի 23-ը։
  • Անգլիոյ առաջնութեան առանց գոլ բաց թողնելու ամենաերկար շրջանը. 1311 րոպե՝ Էդվին վան դեր Սար, 2008 թվականի նոյեմբերի 8-ից մինչեւ 2009 թվականի մարտի 4-ը։
  • Ամենաարագ գոլը. 15-րդ վայրկեանին՝ Ռաեան Գիգզ, ընդդեմ «Սաութհեմփթոնի», Բրիմիոր լիկա, 18 նոյեմբերի 1995 թվական։
  • Ամենաարագ 4 կոլերը. 13 վարկեան՝ Ուլէ Սուլշեր, ընդդէմ «Նորտինքհեմ Ֆորեսթի», Բրիմիոր լիկա, 6 փետրուար 1999 թուական։
  • Տիտղոսներու ամենամեծ թիւը (առանց հաշիւի առնելու երիտասարդական խումբի տիտղոսները). 34՝ Ռաեան Գիգզ։

Ամենամեծ թիւով խաղեր անցկացրած ֆութպոլիստներ

Անուն Շրջան Խաղերու քանակը Գոլեր
1 Կաղապար:Country data Ուելս Ռաեան Գիգզ 1991-2014 963 168
2 Կաղապար:Country data Անգլիա Բոբի Չարլթոն 1956-1973 758 249
3 Կաղապար:Country data Անգլիա Փոլ Սքոոլզ 1994-2011
2012-2013
718 155
4 Կաղապար:Country data Անգլիա Բիլ Ֆոոլքս 1952-1970 688 9
5 Կաղապար:Country data Անգլիա Կարի Նեւիլ 1992-2011 602 7
6 Կաղապար:Country data Անգլիա Ալեքս Սթեփնի 1966-1978 539 2
7 Կաղապար:Country data Իռլանդիա Թոնի Դան 1960-1973 535 2
8 Կաղապար:Country data Իռլանդիա Դենիս Իրուին 1990-2002 529 33
9 Կաղապար:Country data Անգլիա Ջո Սփենս 1919-1933 510 168
10 Կաղապար:Country data Շոտլանդիա Արթուր Օբլիսթոն 1974-1988 485 7

Ամենաշատ կոլերու հեղինակ դարձած ֆուտթպոլիստներ

Անուն Շրջան Կոլեր Խաղերու քանակ Քանի մը խաղերու ընթացքին հարուածած կոլերու քանակ
1 Կաղապար:Country data Անգլիա Բոբի Չարլթոն 1956-1973 249 758 0,328
2 Կաղապար:Country data Շոտլանդիա Դենիս Լոու 1962-1973 237 404 0,587
3 Կաղապար:Country data Անգլիա Ուէյն Ռունի 2004- 221 452 0,490
4 Կաղապար:Country data Անգլիա Ջեք Ռոուլի 1937-1955 211 424 0,498
5 Կաղապար:Country data Անգլիա Դենիս Վայոլեթ 1953-1962 179 293 0,611
5 Կաղապար:Country data Հիւսիսային Իռլանտա Ջորջ Բեսթ 1963-1974 179 470 0,381
7 Կաղապար:Country data Անգլիա Ջո Սփենս 1919-1933 168 510 0,329
7 Կաղապար:Country data Ուելս Ռաեան Գիգզ 1991-2014 168 963 0,174
9 Կաղապար:Country data Ուելս Մարկ Հիւզ 1983-1986
1988-1995
163 467 0,349
10 Կաղապար:Country data Անգլիա Փոլ Սքոոյզ 1994-2011
2012-2013
155 718 0,216

Հայտնի խաղացողներ

Պոպի Չարլթոն
Դենիս Լոու

«Ոսկե գնդակի» յաղթողներ

Այս ֆութպոլիստները «Ոսկէ գնդակ» ստացած են՝ հանդես գալով «Մանչեսթըր Իւնայթըտի» կազմին մէջ.

«Ոսկէ խաղակոշիկու» յաղթողներ

Այս ֆութպոլիստները արժանացած են «Ոսկէ խաղակոշիկին»՝հանդես գալով «Մանչեսթըր Իւնայթըտին մէջ».

ԻՒԵՖԱ-ի վարկածով տարուայ լաւագոյն ֆութպոլիստ

Այս ֆութպոլիստները դարձած են ԻՒԵՖԱ-ի վարկածով տարուայ լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ հանդես գալով «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մէջ».

ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուայ լաւագոյն խաղացողներ

Այս ֆութպոլիստները դարձած են ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուայ լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ հանդես գալով «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մէջ».

Աշխարհի յաղթականներ

Այս ֆութպոլիստները դարձած են Աշխարհի յաղթական՝ հանդես գալով «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մէջ».

Եւրոպայի յաղթականներ

Այս ֆութպոլիստները դարձած են Եւրոպայի յաղթական՝ հանդես գալով «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մէջ».

Ֆութպոլային լիկայի 100 լեճընտներ

«Մանչեսթըր Իւնայթըտի» այս ֆութպոլիստները ներառուած են Ֆութպոլային լիկայի 100 լեճընտներու ցանկին մէջ.

Կաղապար:Col-4Կաղապար:Col-4Կաղապար:Col-4Կաղապար:Col-4

Անգլիական ֆութպոլի փառքի սրահի անդամներ

«Մանչեսթըր Իւնայթըտի» այս ֆութպոլիստները ներառուած են Անգլիական ֆութպոլի փառքի սրահի կազմի մէջ.

Կաղապար:Col-4Կաղապար:Col-4Կաղապար:Col-4Կաղապար:Col-4

Տե՛ս նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

  1. Բոբ Քես (2007-12-15)։ «իւնայթետը կը շարժի հարաւ, երբ երկրպագուները հասան 333 միլիոնի» (անգլերեն)։ Daily Mail։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-10-01-ին 
  2. «Մանչեսթըդ Իւնայթըտ ֆութպոլային ակումբ» (անգլերեն)։ Premier League։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-11-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  3. «Manchester United»։ britannica։ արտագրուած է՝ 2 Սեպտեմբեր 2015 
  4. «Յաղթանակ, յաղթանակ Մանչեսթըր իւնայթըտ...» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  5. «1967/68. Չարլթոնն օգնեց «ՄՅՈւ»-ին» (ռուսերեն)։ UEFA [permanent dead link]
  6. «1998/99. Վերջին վարկեաններու կախարդանքը» (ռուսերեն)։ UEFA [permanent dead link]
  7. «2007-08: Բախտի գործոնը» (ռուսերեն)։ UEFA։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-01-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  8. «Մանչեսթըր Իւնայթըտը նվաճել է Անգլիոյ բաժակը» (անգլերեն)։ CBCSports.ca։ 22.05.2004 
  9. «Ալեքս Ֆերգյուսոնը հեռանում է Մանչեսթեր Իւնայթըտի մարզչի պաշտոնից» (ռուսերեն)։ bbc.com։ 2013-05-08 
  10. «Սըր Ալեքս Ֆերգյուսոնի հարցազրույցը» (ռուսերեն)։ carrick.ru։ 2014-11-18 
  11. «Ակումբը: Տասնամյակի պատմութիւն: 1980-1989.» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  12. «Դեւիդ Մոյես: Մանչեսթեր Իւնայթըտի նոր մարզիչը Էվերտոնինն է» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2013-05-09։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  13. Բոսթոք Ադամ (2010-09-13)։ «Նեւիլը փոխարինվել է որպես Կարմիրների ավագ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  14. «Նեւիլը հեռանում է» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2011-02-02։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  15. 15,0 15,1 «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1878-1899» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-24 
  16. «Մանչեսթըր Իւնայթըտ. 1878-1926: Պրիտանիական ֆութպոլի հանրագիտարան» (անգլերեն)։ Spartacus Educational։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-01-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-24 
  17. Բարնս, 2001, էջ 8
  18. «Նիւտոն Հիտ եւ Մանչեսթըր Իւնայթըտ - Խումբ» (ռուսերեն)։ ManUtd.Ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-24 
  19. Մըրֆի Ալեքս (2006)։ «1878-1915: Նիւտոն Հիթէն Օլդ Թրաֆորդ»։ Մանչեսթըր Իւնայթըտի պաշտոնական ձեւաւորուած պատմութիւն։ Լոնտոն: Orion Publishing Group։ էջ 14։ ISBN 0-75287-603-1 
  20. «ՖԱ Մանչեսթըր» (անգլերեն)։ Talk Football։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-11-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-24 
  21. «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1900-1909» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  22. 22,0 22,1 «Մանչեսթըր Իւնայթըտի պատմութիւն. 1892-1976» (անգլերեն)։ Red11.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-25-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  23. «1908 Բարեգործական Շիլդ» (անգլերեն)։ Footballsite.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  24. «Անգլիոյ Բաժակի եզրափակիչ 1909» (անգլերեն)։ FA Cup History։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  25. «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1910-1919» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  26. «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1920-1929» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-25-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  27. «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1930-1939» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  28. «Մարդը, որ փրկեց Իւնայթըտը» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2012-01-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  29. «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1940-1949.» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  30. 30,0 30,1 «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1950-1959.» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  31. Մըրֆի, 2006, էջ 71
  32. Գլենվայլ Բրաեան (27.04.2005)։ «Մեծն Չելսիի հանձնումը» (անգլերեն)։ The Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  33. «Միւնխենի աղետը: ժամանակագրութիւն» (անգլերեն)։ BBC։ 19.03.2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  34. Դոլգիխ Դմիտրի (06.02.2008)։ «Միւնխեն: Հաջողութիւն:» (ռուսերեն)։ tribuna.sports.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  35. Ուայթ, Ջիմ, 2008, էջ 136
  36. Բարնս, 2001, էջ 17
  37. 37,0 37,1 37,2 «Ակումբը: Տասնամեակի պատմութիւն: 1960-1969:» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  38. «1967-68 մրցաշրջան» (անգլերեն)։ European Cup History։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  39. «Բալոն Դ’Օր» (ֆրանսերեն)։ France Football։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-25-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-25 
  40. «MUTV: Մենք Իւնայթըտն ենք:» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  41. «Աերոֆլոտը թռիչքուղի վրայ է» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2013-07-08։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-31-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  42. «Պաշտօնական հովանաւորներ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-07-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  43. Հեմիլ, 2008, էջ 127
  44. 44,0 44,1 «Vodafone-ը £30 միլիոն կ՛ունենայ Իւնայթըտին» (անգլերեն)։ BBC News։ 11.02.2000։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2003-12-11-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  45. 45,0 45,1 «Իւնայթըտը պէտք է մարզահագուստի նոր հովանաւոր գտնէ» (անգլերեն)։ CNN.com International։ 24.11.2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  46. «Vodafone-ը դադարած է համագործակցիլ Մանչեսթըր Իւնայթըտի հետ» (անգլերեն)։ BBC News։ 23.11.2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-01-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  47. «Մանչեսթըր Իւնայթըտ £56 միլիոն արժողութեամբ պայմանագիր կը կնքէ AIG-ի հետ» (անգլերեն)։ BBC News։ 04.06.2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  48. «Oilinvest-ը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Իւվենտոսի հովանաւորութիւնը» (անգլերեն)։ SportBusiness.com։ 07.09.2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  49. «AIG-ն կ՛աւարտէ Մանչեսթըրի հովանաւորելու համագործակցութիւնը» (անգլերեն)։ BBC News։ 21.01.2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-05-31-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  50. Communications Dept (03.06. 2009)։ «Մարզաշապիկներու ապագայ հովանաւոր» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  51. «Իւնայթըտ եւ Աօն կրկին կը համագործագցին» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 01.06.2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  52. «Մանչեսթըր Իւնայթըտ մարզահագուստի նոր հովանաւորի մասին» (անգլերեն)։ BBC News։ 03.06.2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-12-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-18 
  53. «GM-ը եւ Մանչեսթըր Իւնայթըտը կը հայտարարեն, որ Chevrolet-ը մարզահագուստներու հովանաւորն է» (անգլերեն)։ GM.com։ 2012-07-30 
  54. «Chevrolet-ը յոթ տարուապայմանագիր կը կնքէ»։ Official Manchester United Website (անգլերեն) (ManUtd.com)։ 2012-07-30 
  55. Էջքլիֆ Էնտրիւ (2012-08-04)։ «GM-ը մրցանիշակիր է Մանչեսթըր Իւնայթըտի հովանաւորչութեան հարցին մէջ» (անգլերեն)։ FT.com 
  56. «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մարզաշապիկներ. 1970-79» (անգլերեն)։ Pride Of Manchester։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  57. «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մարզաշապիկներ. 1980-89» (անգլերեն)։ Pride Of Manchester։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  58. «Մանչեսթըր Իւնայթըտի մարզաշապիկներ. 1990-99» (անգլերեն)։ Pride Of Manchester։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  59. «Մանչեսթըր Իւնայթըտ 300 միլիոն ֆոնտ արժողութեամբ պայմանագիր կը կնքէ Nike-ի հետ» (անգլերեն)։ BBC News։ 03.11.2000։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  60. «Մանչեսթըր Իւնայթըտ համաձայնութեան կու գայ [[Ատիտաս]]-ին հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2014-07-14 
  61. «Առաջին թիմ» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  62. «Մանչեսթըր Իւնայթըտի ֆութպոլիստները 2015/16 մրցաշրջանի Բրիմիոր լիկային» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  63. «Իւնայթըտը համաձայնութեան կու գայ Մեմֆիս Դեպայի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-05-07 
  64. «Մեմֆիս Դեպայ. Մանչեսթըր Իւնայթըտը ՊՍՎ-ի կիսապաշտպանի համար £31 միլիոն կը վճառէ» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-06-12 
  65. «Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ Մաթթէօ Դարմեանի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-07-11 
  66. «Մաթթէօ Դարմեան. Մանչեթըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ Թորինոյի եւ Իտալիոյ հաւաքականի պաշտպանի հետ» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-07-11 
  67. «Մանչեսթեըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ Գերմանիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Պասթիան Շուանսթայկըրի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-07-13 
  68. 68,0 68,1 «Պասթիան Շուանսթայկըր եւ Մորկան Շնայդերլինը կը միանան Մանչեսթըր Իւնայթըտի» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-07-13 
  69. «Մանչեսթըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը ստորագրէ Ֆրանսիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Մորկան Շնայտերլինի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-07-13 
  70. «Իւնայթըտը համաձայնութեան կու գայ Ռոմերոյի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-07-27 
  71. «Մանչեսթըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ «Մոնակոյի» ֆութպոլիստ Անթոնի Մարսյալի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-09-01 
  72. «Անթոնի Մարսյալ. Մանչեսթըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ «Մոնակոյի» հարձակողին հետ £36 միլիոնով» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-09-01 
  73. Մարշալ Ադամ (2015-09-01)։ «Մանչեսթըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ Ռեգան Փուլի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  74. «Ռեգան Փուլ. Մանչեսթըր Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ «Նիւթորթ Քաունթիի» երիտասարդ ֆութպոլիստին հետ» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-09-01 
  75. 75,0 75,1 75,2 75,3 75,4 Մարշալ Ադամ (2015-06-10)։ «Մանչեսթըր Իւնայթըտէն հեռացած են հինգ ֆութպոլիստներ» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  76. Մարշալ Ադամ (2015-06-05)։ «Էվերթոնը կը հայտարարէ Կլեւերլիի հետ պայմանագիր կնքելու մասին» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  77. Մարշալ Ադամ (2015-07-01)։ «Էյմոսը կը միանայ Պոլթոնին ազատ գործակալի կարգավիճակով» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  78. «Ռոթերեն Իւնայթըտը պայմանագիր կը կնքէ Թոմ Տորփի հետ» (անգլերեն)։ TheMillers.co.uk։ 2015-07-03 
  79. Մարշալ Ադամ (2015-07-01)։ «Սայդի եանկոն պայմանագիր կը կնքէ Սելթիքի հետ» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  80. Մարշալ Ադամ (2015-07-06)։ «Henriquez completes Dinamo Zagreb move» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  81. «Նանի. Ֆեներբահճէն Մանչեսթըր Իւնայթըտի կիսապաշտպանի հետ £4.25 միլիոն արժողութեամբ պայմանագիր կը կնքէ» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-06-05 
  82. «Ռոպեն վան Բերսին կը հեռանայ Մանչեսթըր Իւնայթըտէն. Ֆեներբահճէն կը հայտարարէ, որ £4.7 միլիոն արժողութեամբ փոխանցումը կայացած է: Հարձակողը կը հեռանայ Օլդ Թրաֆորտէն» (անգլերեն)։ The Independent։ 2015-07-14 
  83. Hibbs Ben (2015-07-21)։ «Կարմիրներուն երիտասարդ պաշտպանը կը միանայ Ուիգան Աթլեթիքին» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  84. Ճոնս Սայմոն (2015-07-21)։ «Մանչեսթըր Իւնայթըտի պաշտպան Ռիս Ճէյմսը կը միանայ Առաջին լիկայի մասնակից Ուիգանին՝ կնքելով £1 միլիոն արժողութեամբ պայմանագիր» (անգլերեն)։ Daily Mail 
  85. «Մանչեսթըր Իւնայթըտի փոխանցման նորութիւններ. Ռաֆայելը կը միանայ Լիոնին՝ կնքելով £2.5 միլիոն արժողութեամբ պայմանագիր» (անգլերեն)։ The Telegraph։ 2015-08-03 
  86. «Անժել Տի Մարիա. Մանչեսթըր Իւնայթըտի կիսապաշտպանը կը միանայ ՊՍԺ-ին» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-08-06 
  87. «Ճոնի Էվանսը կը միանայ Վեսթ Բրոմին» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-08-29 
  88. «Վեսթ Բրոմուիչ Ալպիոնը պայմանագիր կը կնքէ Մանչեսթըր Իւնայթըտի ֆութպոլիստ Ճոնի Էվանսի £6 միլիոնով» (անգլերեն)։ The Guardian։ 2015-08-29 
  89. «Չիչարիտոն Իւնայթըտէն կը տեղափոխուի Լիւերքուզենի Պայեր» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-08-31 
  90. «Ժաւիէր Հերնանտէզ. Մանչեսթըր Իւնայթըտի հարձակողը կը միանայ Լիւերքուզէնի Պայերին £7.3 միլիոնով» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2015-08-31 
  91. Բոսթոք Ադամ (2015-08-31)։ «Լինտեկորը կը միանայ Վեսթ Բրոմուիչին ազատ գործակալի կարգավիճակով» (անգլերեն)։ ManUtd.com 
  92. Նեյլ Գարդներ (08.10.2009)։ «Մարտին Էտուարտսը կ՛անհանգստանայ Մանչեսթըր Իւնայթըտի ապագայով» (անգլերեն)։ Times Online։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  93. 93,0 93,1 93,2 «Կարմիրները նոր նախագահ ունին» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2007-02-21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  94. «Էտ Վուտուորտը պատասխանատուութիւն կը պահանջէ Մանչեսթըր Իւնայթըտին մէջ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2013-02-20։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  95. 95,0 95,1 95,2 «Որոն՞ք են Մանչեսթըր Իւնայթըտի տնօրէնները» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  96. «Մանչեսթըր Իւնայթըտը պէտք է հայտարարուի իր շահոյթի մասին» (անգլերեն)։ Times Online։ 07.01.2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  97. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Fergie_director
  98. «Կարմիրներու ակումբի նոր քարտուղարը» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 20.12.2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  99. «Պատրիկ Քոլինս. Ինչքան ժամանակ պէտք է Նիւքասլի ծաղրածուները իրենց պատկանկարները ցուցադրեն Իւթ Իւպին մէջ» (անգլերեն)։ Daily Mail։ 2009-10-03։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  100. «Սըր Պոպին կը բանայ Միւնխէնի Պաւարիոյ թանգարանը» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2015-02-06 
  101. «Սըր Ալեքս Ֆերգիւսոնը կը վաստակէ աւելի քան £2 միլիոն 8 ամսուան ընթացքին £100,000՝ օրական, որպէս Իւնայթըտի դեսպան եւ Դաւիթ Մոյեսը կը փոխանցուի ընդամենը 5 միլիոն Իւրոյով» (անգլերեն)։ Daily Mail։ 2015-01-26 
  102. «Մանչեսթըր Իւնայթըտը կը նշանակէ Պրաեան Ռոպսոնին որպէս համաշխարհային դեսպան» (անգլերեն)։ Times Online։ 2008-03-20։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-10-11-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  103. «Նեւիլի նոր դերը» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2011-04-08 
  104. «Քոուլը հաճոյք կը ստանայ իր նոր դերէն» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2013-07-17 
  105. «Նոր դեր Շմեյխելի համար» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2012-07-27 
  106. «Պակ Չի Սոնը կը նշանակուի Մանչեսթըր Իւնայթըտ ակումբի դեսպան» (անգլերեն)։ Daily Mail։ 2014-10-02 
  107. «Նոր մարզչական նշանակում. Ալպերթ Ստյոնուենբերգ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2014-07-06 
  108. «Արդիւնքներ. իւնայթեդ 1 Բոլտոն 0» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  109. «Փոլ ՄաքԳինես» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-03-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  110. «Բրաեան Մաքքլեր» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-21-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  111. «Մայք Քլեգ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-09-25-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  112. «Թոնի Ստրադուիկ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2007-09-06։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  113. Ռիչարդ Հոքինսը կ՛աշխատի «ՕԳԳ-ի մարզչի» կարգավիճակին մէջ (անգլերէն՝ head of human performance): Կ՛աշխատի Քարինգթոնի լաբորատորիայի մէջ եւ կ՛օգնէ ֆութպոլիստներուն հասնելու իրենց ֆիզիկական մարզավիճակի գագաթնակետին։ Տէ՛ս Anatomy of the United Bench. Inside United. № 195, Oct. 2008. Pp.18-19.
  114. «Ռիչարդ Հոքինս» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  115. «Հարցազրոյց. Ջիմ Լոուլոր» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  116. «Մոյեսը Էվերտոնի եւս մէկ անդամը կը հրաւիրէ Իւնայթըտ» (անգլերեն)։ Daily Mail։ 2013-07-03։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-07-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  117. «Կարմիրները նոր բժիշկ ունին» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-13 
  118. «Իւնայթըտի ֆիզիթերապեւտը կը հեռանայ» (անգլերեն)։ ManUtd.com։ 2014-07-04 
  119. «Իւնայթըտի մարզիչ Ջեյմս Ուեսթ» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  120. «Իւնայթըտի մարզիչ Էռնեստ Մանգնել» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  121. «Իւնայթըտի մարզիչ Ճոն Բենթլի» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  122. «Իւնայթըտի մարզիչ Ջեք Ռոբսոն» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  123. «Իւնայթըտի մարզիչ Ճոն Չեպմեն» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  124. «Իւնայթըտի մարզիչ Լալ Հիլդիչ» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  125. «Իւնայթըտի մարզիչ Հերբերտ Բեմպլեթ» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  126. 126,0 126,1 «Իւնայթըտի մարզիչ Ուոլտեր Կրիկմեր» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  127. «Իւնայթըտի մարզիչ Սքոթ Դունկան» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  128. 128,0 128,1 «Իւնայթըտի մարզիչ Sir Matt BUSBY» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  129. «Իւնայթըտի մարզիչ Ջիմմի Մերֆի» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  130. «Իւնայթըտի մարզիչ Ուիլֆ ՄաքԳինես» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  131. «Իւնայթըտի մարզիչ Ֆրենք Օ'Ֆարրել» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  132. «Իւնայթըտի մարզիչ Թոմմի Դոքերթի» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  133. «Իւնայթըտի մարզիչ Դեյվ Սեկստոն» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  134. «Իւնայթըտի մարզիչ Ռոն Աթքինսոն» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  135. «Իւնայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերգիւսոն» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  136. «Իւնայթըտի մարզիչ Դաւիթ Մոյես» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  137. «Իւնայթըտի մարզիչ Ռաեան Կիկզ» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  138. «Իւնայթըտի մարզիչ Լուի վան Գալ» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  139. Այս դեպքին մրցաշարերու մէջ չեն ներառուիր յաղթանակները Սուբըրբաժակներուն մէջ, երիտասարդական եւ ընկերական մրցութիւթներուն:
  140. «Անգլիա. Յաղթականներու ցանկ» (անգլերեն)։ RSSSF.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  141. 141,0 141,1 Մինչեւ 1992 թուական անգլիական ֆութպոլի բարձրագոյն փաժանմունքը Ֆութպոլային լիկայի առաջին փաժանմունքն էր, ներկայիս այն Բրիմիոր լիկան է: Մինչեւ 1992 թուական Անգլիոյ երկրորդ փաժանմունքը Երկրորդ փաժանմունքն էր, իսկ ներկայիս այն Ֆութպոլային լիկայի առաջնութիւնն է:
  142. Ռայս Սայմոն (2010-05-20)։ «Տրեպլ տրեպլ: Այն խումբերը, որոնք կը նուաճեն տրեպլ» (անգլերեն)։ The Independent։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  143. «Խաղերի արդիւնքների վերլուծութիւն: Բոլոր պաշտոնական խաղերը:»։ Մանչեսթըր Իւնայթըտ։ Barn end Media։ 30 յուլիս 2015։ արտագրուած է՝ 30 յուլիս 2015 
  144. «Դենիս Լոուի հեթ-տրիկները» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  145. Մանչեսթեր Իւնայթըտի ձեւավորված հանրագիտարան, «Manchester United Books», ISBN 0-233-99964-7։
  146. Ֆիլ ՄաքՆալթի (25.02.2004)։ «Հեթ-տրիկ. Փառքի սրահ» (անգլերեն)։ BBC Sport։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  147. «Ռաեան Գիգզը 40-ին. Խաղեր, կոլեր եւ կոնկեր» (անգլերեն)։ BBC Sport։ 2013-11-29 
  148. 148,0 148,1 «Թոփ 100 ամենաշատ խաղեր անցկացրած ֆութպոլիստներու ցանկ» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  149. 149,0 149,1 «Բոլոր կոլահարներու ցանկը պաշտոնական խաղերուն» (անգլերեն)։ StretfordEnd.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  150. «1964 - Դենիս Լոու» (ֆրանսերեն)։ France Football։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  151. «1966 - Բոբի Չարլթոն» (ֆրանսերեն)։ France Football։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  152. «1968 - Ջորջ Բեսթ» (ֆրանսերեն)։ France Football։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  153. «Կրիշտիանու Ռոնալդու, Բալոն դ'Օր 2008» (ֆրանսերեն)։ France Football։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  154. «Եւրոպայի ոսկե խաղակոշիկ» (անգլերեն)։ Napit.co.uk։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  155. 155,0 155,1 «Մոնակոն կը պատրաստուի ԻՒԵՖԱ Ակումբային ֆութպոլի մրցանակաբաշխութեան» (անգլերեն)։ UEFA.com։ 29.08.2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-02-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  156. «ՖԻՖԱ-ի վարկածով տարուայ լաւագոյն խաղացող» (անգլերեն)։ FIFA.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  157. 157,0 157,1 157,2 «Անգլիոյ Աշխարհի բաժակ 1966» (անգլերեն)։ Planet World Cup։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  158. «Եւրոպայի առաջնութիւն 1992 - Մրցաշարի եզրափակիչ - Ամբողջական տուեալներ» (անգլերեն)։ RSSSF.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  159. «Եւրոպայի առաջնութիւն 2000 - Մրցաշարի եզրափակիչ - Ամբողջական տուեալներ» (անգլերեն)։ RSSSF.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  160. «Մարզական Ֆութպոլային լեճընտներու ամբողջական ցուցակ» (անգլերեն)։ BBC News։ 1998-08-05։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-11 
  161. «Փառքի սրահ» (անգլերեն)։ National Football Museum 

Գրականութիւն

Արտաքին յղումներ

Կաղապար:Քոյրյղումներ