Մոլիեր (ֆրանսերէն՝ Molière), բուն անունը՝ Ժան Պաթիսթ Փոքլեն (ֆրանսերէն՝ Jean Baptiste Poquelin), ֆրանսացի նշանաւոր դերասան, թատրոնի տնօրէն, «բարձր կատակերգութեան» ժանրի հիմնադիր։
Մոլիեր ծնած է Փարիզ, 15 Յունուար 1622-ին, որմէ ետք կը մկրտուի Ժան Փոքլեն անունով: Ճանչցուած է Ժան-Պաթիսթ անունով: Ան Ժան Փոքլենի եւ Մարի Կրեսէի առաջին որդին էր, որոնք ամուսնացած են 27 Ապրիլ, 1621-ին: Մայրը բարեկեցիկ ազնուական ընտանիքի դուստր էր։ Երբ սպասուհին առաջին անգամ կը տեսնէ մանկիկը, զինք կը կոչէ «Լէօ Նէ», այսինքն՝ քիթը եւ այդ օրէն սկսեալ, ընտանիքի անդամները զինք կը կոչեն «Լէօ Նէ»։
Մայրը կը կորսնցնէ երբ 10 տարեկան էր, եւ մեծ հաւանականութեամբ հօր հետ յարաբերութիւնները այնքան ալ լաւ չեն եղած։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է փարիզեան տարրական դպրոցին մէջ :
1639-ին աւարտած է Քլերմոնի Ժէզուիթական քոլէճը:
1643-ին, Մոլիեր կեղծանունով, քանի մը դերասաններու հետ ստեղծած է «Փայլուն թատրոնը»:
1645-1658 թուականներուն, խաղընկերներուն հետ շրջագայած է Ֆրանսայի գաւառներուն մէջ:
Թատերախումբի համար գրած է փոքրածաւալ ուրախ կատակերգութիւններ եւ զաւեշտախաղեր («Ճարպիկը կամ խոչընդոտները», 1663, «Սիրային անախորժութիւններ», 1663), որոնց նիւթերը փոխ առնուած են իտալական կտորներէ:
Մոլիեր, յենելով ֆրանսական ժողովրդական թատրոնի աւանդոյթներու եւ Վերածննդեան մարդասիրական գաղափարներու վրայ, օգտագործելով դասականութեան փորձը, ստեղծած է նոր տիպի`ընկերային-կենցաղային կատակերգութեան ժանրը: Ան իր կատակերգութիւններով («Ծիծաղելի սեթեւեթուհիները», 1660, «Տղամարդոց դպրոցը», 1661) արտայայտած է գեղարուեստական նոր սկզբունքներ՝ իրականութեան ճշմարտացի պատկերում, կերպարներու անհատականացում: «Կանանց դպրոցի քննադատութիւնը» (1663) եւ «Վերսայեան էքսպրոմտ» (1682) կտորներուն մէջ հաստատած է իր գեղագիտական ըմբռնումները:
Մոլիերի տաղանդը աւելի վառ արտայայտուած է «Տարտիուֆ» (1669), «Տոն Ժուան» (1683) կատակերգութիւններուն մէջ, ուր ծաղրած է բարեպաշտութեան և առաքինութեան դիմակի տակ թաքնուած հասարակութեան երկերեսանիութիւնը, ազնուականութեան հոգեւոր սնանկացումն ու անբարոյականութիւնը: Մոլիերի ազատախոհական գաղափարախօսութեան, ազնուականական իշխող խաւի սպաննիչ քննադատութեան համար երկար ժամանակ արգիլուած են «Տարտիուֆի» եւ «Տոն Ժուանի» բեմադրութիւնները:
«Միզանտրոփ» (1667) կատակերգութեան մէջ Մոլիեր անխնայ քննադատած է իշխող խաւին արատները, մերկացուցած չարիքի արմատները: Անոր վճռականութիւնը եւ անհաշտուողականութիւնը արտայայտուած են յատկապէս հասարակ մարդոց՝ գործունեայ, խելացի, կենսուրախ սպասաւորներու եւ սպասուհիներու կերպարներուն մէջ («Ժլատը», 1668, «Քաղքենին ազնուական», 1671, «Երեւակայական հիւանդ», 1674):
Մոլիերի գործերուն մէջ իրականութեան երգիծական պատկերման գոյները խիստ չափազանցուած եւ խտացուած են: Ան ֆրանսական կատակերգութիւնը բարձրացուցած է դասական արուեստի մակարդակի՝ պահպանելով անոր կապը ժողովրդական զաւեշտի («Սքափենի արարքները», 1676) հետ: Մեծ է Մոլիերին պատմական դերը ֆրանսական կատակերգութեան հետագայ զարգացման մէջ՝ Ժան-Ֆրանսուա Ռենիարէն մինչեւ Փիեռ Օկիւսթեն Պոմարշէ: