Մոնաքօ

Մոնաքօ
Մոնաքոյի դրօշ Զինանշանը


Կը ներառնէ Մոնաքոյի համայնք
Պետական լեզու Ֆրանսերէն
Մայրաքաղաք Մոնաքօ քաղաքամէջ
Օրէնսդիր մարմին Մոնաքոյի Ազգային Խորհուրդ
Երկրի ղեկավար Ալպեր Բ․
Կառավարութեան ղեկավար Փիեռ Տարթու
Ազգաբնակչութիւն 38 350 մարդ (2020)
Օրհներգ Մոնաքոյի օրհներգ
Կարգախօս Deo Juvante
Հիմնադրուած է 1297 թ.
Արժոյթ Եւրο
Ժամային համակարգ ԿԵԺ, UTC+1 եւ Եւրոպա/Մոնաքօ
Հեռաձայնային համակարգ +377
Համացանցի յղում .mc
mairie.mc(ֆր.)(իտալ.)(անգլերէն)
gouv.mc(ֆր.)(անգլերէն)

Մոնաքօ կամ Մոնաքոյի իշխանապետութիւնԼազուր ափի երկայնքին (Եւրոպայի հարաւ-արեւմտեան մաս) փոքր Իշխանապետութիւն, ինչպէս նաեւ՝ քաղաք-պետութիւն։ Իշխանապետութիւնը 1861-էն պարփակուած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան տարածքին։

Մոնաքոյի համայնապատկեր, նկարուած Ֆրանսայի La Turbie շրջանէն․ ձախէն աջ՝ Մոնթէ Քարլօ, նաւահանգիստը, Մոնաքօ քաղաքամէջը (Rocher)
Մոնաքoն արեւելքէն նկարուած
Մոնաքօ քաղաքամէջ

Տեղեկութիւններ

Անուանում

Մոնաքօ անունը առաջացած է Մոնիքոս (Μόνοικος) տեղանունէն․ այդպէս նշուած է յոյն պատմաբան եւ աշխարհագէտ էքաթէոս Միլիթեցիին Εκαταίος ο Μιλήσιος կողմէն (Ք․Ա․550-475)՝ «Մոնիքոս, Լիկերեան քաղաք (Μόνοικος, πόλις Λιγυστική)»։

Մոնաքօն նկարուած տիեզերքէն․ դեղին գիծը կը ցուցնէ Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի միջեւ սահմանագիծը

Աշխարհագրութիւն

Մոնաքօն 1890-ին
Մոնաքօ․ 1890-1900
Մոնաքոյին նաւահանգիստը 1905-էն առաջ
Մոնաքոյին առաջին դրոշմաթուղթերէն․ կը պատկերացուի Շառլ Գ․

Դիրք

Մոնաքոյի իշխանապետութիւնը կը գտնուի Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան ծովեզերիայ մասին՝ Լազուր ափին (ֆրանսական Ռիվիերա Côte d'Azur) երկայնքին․ 4100 մեթր ( 350 – 1050 մեթր լայնութիւն) եւ ծովեզերեան Ալպեան լեռնաշղթայի հարաւային ծայրամասին։ Հիւսիսէն, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն սահմանակից է Ֆրանսայի, իսկ անոր ափերը կը ջրեն Միջերկրական ծովուն ջուրերը։ Վարչակարգը սահմանադրական թագաւորութեան մէկ օրինակն է։

Մոնաքոյի 4 գլխաւոր վարչական բաժանումները՝ արեւմուտքէն դէպի արեւելք, Ֆոնվիէյ Fontvieille, Մոնաքօ քաղաք Monaco-Ville, Լա Քոնտամին La Condamine եւ Մոնթէ Քարլոյի թաղամասեր
Մոնաքոյին վարչական բաժանումները իրենց թաղամասերով

2․1 քմ² տարածութեամբ, աշխարհի երկրորդ փոքր պետութիւնն է Վատիկանէն ետք։

Կլիմա

Մոնաքոյին կլիման Միջերկրականեան է․ մեղմ եւ խոնաւ ձմեռներով եւ տաք ու չոր ամառներով։

Պատմական ակնարկ

Նախապատմական շրջան

Լիկուրեան ցեղեր Մոնաքօ կը հաստատուին մօտաւորապէս 2000 տարի առաջ ըստ Տիոտորոս Սիչիլեացիին եւ Ստրապոնին։

Փիւնիկեցիներ, Յոյներ, Հռոմէացիներ

Մոնիքոս (Μόνοικος) անունը հաւանաբար յառաջացած է փիւնիկեցի Մոնիքոս առեւտրականի անունէն։ Շրջանին մէջ անոր կառուցած տաճարը փիւնիկեան աստուած Մելքարթին նուիրուած է։

Ք․Ա․ 800 - 500 թուականներուն, Մարսէյլի յոյն գաղթաբնակները Մոնաքոյի ափերուն հիմնած են նոր գաղթօճախ մը Մոնիքոս անունով Մոնիքոս․ μόνοικος (μόνοs + οἶκος)` յուն․ μόνοs կը նշանակէ միայնակ, առանձին, իսկ οἶκος՝ տուն, կալուածին տէրը։

Ք․Ա․ 60 թուականէն մինչեւ 476 Մոնաքօ կը մնայ Հռոմէացիներուն ձեռքը։ Ապա զանազան բարբարոս ցեղերու յարձակումներուն պատճառով, բնակիչները կը լքեն շրջանը։

Միջնադարէն մինչեւ ԺԹ․ դար

1297-ին Իշխանապետութիւնը կը հովանաւորուի Ճենովայի Կրիմալտի գերդաստանին կողմէ։ 1641-ին կը գտնուի Ֆրանսայի պաշտպանութեան տակ։ 1793-ին Ֆրանսային կը միանայ։

1814-ին Փարիզի դաշինքով, Կրիմալտի ընտանիքը կրկին իշխանապետութեան գլուխը կը գտնուի:

1861-ի Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի միջեւ կնքուած դաշինքով, Ֆրանսա կը ճանչնայ Մոնաքոյի իշխանապետութիւնը եւ Մոնաքօն Մանթոն Menton եւ Ռոքպրիւն Քափ Մարթան Roquebrune-Cap-Martin շրջանները Ֆրանսային կը յանձնէ 4 միլիոն ֆրանքի դիմաց։

Նորագոյն եւ ժամանակակից շրջաններ

1949-ին Ռենիէ Գ․ իշխանապետ կը դառնայ։ Անոր իշխանապետութեան ընթացքին Մոնաքօ հանրածանօթ կը դառնայ։ Զբօսաշրջիկութիւնը թափ կ՛ առնէ․ երկրին գլխաւոր եկամուտն է։ Կը զարգանայ քիմիական արտադրութիւններու, մեքենական, հիւսուածքի եւ սննդեղէնի ճարտարարուեստը։ Աշխարհի չորս ծագերէն գործատէրեր կը նախընտրեն Մոնաքոյի դրամատուները․ այս քայլին կը նպաստէ դրամավարական առանձնութիւնն ու գաղտնապահութիւնը, ինչպէս նաեւ ցած հարկերու դրութիւնը։

1993-ին Մոնաքօն Մ․Ա․Կ․ լիարժան անդամ կը դառնայ։

24 Հոկտեմբեր 2002-ի դաշինքով, Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան կ՛ ենթարկուի․ Կրիմալտի գերդաստանի պատկանող զաւակ միայն կրնայ Մոնաքոյի իշխանապետ դառնալ։ Այս դաշինքը կը լուծէ 1918-ի ժառանգութեան վերաբերեալ ծագած հարցը՝ Կրիմալտի գերդաստանի մէջ որեւէ ամուսնութիւն, որդեգրութիւն պարտաւոր էր ունենալ Ֆրանսայի հաւանութիւնը։

2002-ին իշխանապետութիւնը կ՛ որդեգրէ եւրօ դրամանիշը։

Տնտեսութիւն

Տնտեսութիւնը յենուած է գլխաւորաբար զբօսաշրջիկութեան վրայ։ 1862-ին հիմնուած Մոնթէ Քարլօ խաղատունը իշխանապետութեան գլխաւոր եկամուտներէ է։ Նաւահանգիստը տարուան բոլոր ամիսներուն կը հիւրասիրէ զբօսանաւեր։

Վարչական բաժանում

Մոնաքոյի Պալատը

Մոնաքոյի իշխանապետութիւնը կ՛ երկարի Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան ծովեզերիայ մասին՝ Լազուր ափին (ֆրանսական Ռիվիերա Côte d'Azur) երկայնքին։ Վարչակարգը սահմանադրական թագաւորութեան մէկ օրինակն է։ 2․1 քմ² տարածութեամբ, աշխարհի երկրորդ փոքր պետութիւնն է Վատիկանէն ետք։

Մոնթէ Քարլոյի Օփերա

Բնակչութիւն

Մոնաքոյի բնակչութեան թիւն է 38 682, որոնցմէ 9 486 ազգութեամբ Մոնեկասք են (Մոնեկասք=Մոնաքոյի բնիկ)։ Մեծամասնութիւնը ֆրանսացի են։

Լեզու

Մոնաքոյի պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, իսկ բնակիչներուն մեծ մասը կը խօսի նաեւ մոնեկասքերէն, իտալերէն եւ անգլերէն։

Մոնաքոյի Գեղարուեստի Ազգային Թանգարան

Կրօնք

Մոնաքոյի սահմանադրութիւնը կը շնորհէ կրօնքի ազատութիւն։ Բնակչութեան 86% քրիստոնեայ է։

Թանգարաններ, յուշարձաններ

Գլխաւոր թանգարաններն են՝

  • Մոնաքոյի Նոր Արուեստի թանգարան
  • Ովկիանոսակագրական թանգարան
  • Նափոլէոն Թանգարան
  • «Monaco Top Cars Collection» թանգարան
Ֆոնվիէյի նաւամատոյցը

Այլ

Մոնաքօն ունի Օփերա մը, նուագախումբ մը եւ դասական պարի ընկերութիւն մը։

Կրթական համակարգը կը ներբակէ նախակրթութեան, միջնակարգի եւ երկրորդական կրթութեան բոլոր բաժինները, համալսարաններ եւ քոլէճներ։

Մարզական

Լա Քոնտամին

Ինքնաշարժներու գլխաւոր մրցաշարքներ

Մոնաքոյի մէջ կը կազմակերպուին միջազգային ծաւալով հետեւեալ մրցաշարքները․-

Մոնաքոյի ինքնաշարժներու մրցաշարք (Formula One)

Տես բուն արձանագրութիւն՝ Մոնաքոյի մրցաշարք

Մոնթէ Քարլոյի ինքնաշարժներու մրցաշարք

Ամէն տարի կը կազմակերպուի «Մոնթէ Քարլոյի ինքնաշարժներու մրցաշարք»ը (Rallye Automobile de Monte-Carlo), որ կը դրոշմէ «Ինքնաշարժներու Համաշխարհային Ախոյանութեան» շրջանի սկիզբը։

Formula E

2015 - 2021․ Մոնաքոյի մրցաշարքին զուգահեռ կազմակերպուած Մոնաքոյի Պատմական Մրցաշարքին ատեն՝ 2015, ստեղծուած ինքնաշարժներու մրցաշարք։

Մոնաքոյի Պատանի Վարորդներու Բաժակի մրցաշարք

«Stade Louis II» մարզադաշտը

Մոնաքոյի Ինքնաշարժներու Ակումբը Automobile Club de Monaco կը կազմակերպէ նաեւ «Մոնաքոյի Պատանի Վարորդներու Բաժակի մրցաշարք»ը Junior Monaco Kart Cup։

Ոտնագնդակ

Մոնաքոն կը հիւրասիրէ երկու մեծ ոտնագնդակի ակումբներ․ տղոց AS Monaco FC եւ կիներու OS Monaco խումբերը, որոնք կը մասնակցին Ֆրանսայի ոտնագնդակի Ա․ դասակարգի ախոյանութեան։ AS Monacoն կը խաղայ «Stade Louis II» մարզադաշտին մէջ։

Դասական մարմնամարզ

Մոնաքոյի լողաւազանը

Դասական մարզանքի մարզիկները կը գործածեն «Stade Louis II» մարզադաշտը։ 1993-էն Մարմնամարզի Դաշնակցութեան Միջազգային Միութիւնը (International Association of Athletics Federations - IAAF), Մոնաքօն ընտրած է իբրեւ կեդրոնատեղ։

Այլ

Մոնաքոյի մէջ կը գործեն նաեւ «rugby»-ի, կողովագնդակի, վոլէյի, կռմբամարտի, Ճիւտոյի եւ արեւելեան տարբեր մարզաձեւերու խումբեր։ Լա Քոնտամին շրջանը, Հերքիւլիս նաւամատոյցին կը գտնուի «Rainier III Nautical Stadium» ողիմպիական չափի լողաւազանը, որուն ջուրը ծովու աղի ջուրն է։ Լողաւազանը Դեկտեմբերէն մինչեւ Մարտ ամիսներուն սառնամարզարանի կը վերածուի։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

  1. Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի միջեւ ստորագրուած դաշինքներ(անգլերէն)
  2. էքաթէոս Միլիթեցին(յունարէն)
  3. Մելքարթ(ֆր.)