Ռիօ Տը Ժաներօն ունի իր Քորքովատօն եւ Յիսուսի արձանը:
Քորքովատօն, որ փորթուգալերէն կը նշանակէ`«կուզը», այն գագաթն է, որուն վրայ շինուած է արձանը:
Այս գագաթին բարձրութիւնը կը հասնի 710 մեթրի եւ շրջապատուած է Թիխուքայի անտառով:
Գագաթը արձանին շինութենէն առաջ արդէն ծանօթ էր. հոն ոչ միայն պրազիլցիները կը սիրէին երթալ, այլ աշխարհի չորս կողմերէն կու գային զբօսաշրջիկներ, որովհետեւ հոնկէ կ'երեւէր Ռիօ տը Ժաներոյի ծովածոցին տեսարանը:
1829-ին հոն շինուած է ճամբայ մը, իսկ 1884-ին հաստատուած է շոգեկառք մը` հասնելու համար մինչեւ գագաթ:
1931-ին, շինուած է Յիսուս Փրկիչին արձանը: Աւելի քան հարիւր տարիներու ընթացքին զբօսաշրջիկները հոն կ'երթային պարզապէս տեսարանին համար: Սկզբունքով Յիսուսի արձանը շինուած է հաւատացեալներուն համար, սակայն ժամանակի ընթացքին բոլոր զբօսաշրջիկները սկսած են հոն ուղղուիլ: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ արձաններէն մէկն է:
Յիսուս Փրկիչին արձանը ունի երեսունութ մեթր բարձրութիւն, իսկ անոր երկու բաց թեւերուն միջեւ լայնքը կը հասնի քսանութ մեթրի: Այս արձանը յղացած է ֆրանսացի Փոլ Լանտովսքի, իսկ երկու ճարտարապետեր` պրազիլցի Հէյթոր տա Սիլվա Քոսթա եւ ֆրանսացի Ալպեր Քաքէ զայն իրագործած են:
Այժմ Քորքովատոն եւ Յիսուս Փրկիչին արձանը Ռիոյի ամէնէն շատ այցելուած վայրն է:
2007-ին արձանը նշանակուած է արդի աշխարհի նոր եօթը հրաշալիքներէն մէկը: