Սկովտիական Ուիսքի

Սկովտիական ուիսքի (անգլերէն՝ Scotch whisky), կը համարուի Սկովտիացիներու ազգային խմիչքը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ կեանքի ջուր։ Ժամանակակից ուիսքի բառը կը ծագի Սկովտիաներէն uisge beatha կամ usquebaugh-էն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «կեանքի ջուր»։

Պատմութիւն

Քվէյք` յատուկ բաժակ սկովտիական ուիսքիի համար

Դեռեւս հին կելտերը հացահատիկային մշակաբոյսերէն կը ստանային պրագա խմիչքը ու այդ «հուրէ հեղուկ»ը կը կոչէին կեանքի ջուր։ Դարերու ընթացքին Սկովտիայի մէջ թորման արուեստը կատարելագործեց եւ կեանքի ջուրն աստիճանաբար դարձաւ սկովտիական ուիսքի՝ խմիչք, որ կ'արտադրուի միայն Սկովտիայի մէջ, սակայն կը պատկանի ողջ աշխարհին։ Սկզբնական շրջանին սարքաւորումները շատ պարզունակ էին ու ստացուող խմիչքը բաւական թունդ էր եւ անգամ վնասակար էր առողջութեան։ Դարերու ընթացքին թորման արուեստագիտութիւնը կատարելագործուեցաւ եւ 16-17-րդ դարերուն դարձաւ կատարեալ խմիչք։

Պատրաստման արուեստագիտութիւնը

Ուիսքիի պահպանման համար նախատեսուած տակառներ

Սկզբնապէս Սկովտիայի մէջ կ'արտադրէին ուիսքի, որպէս հումք օգտագործելով գարին։ Պատրաստման արուեստագիտութիւնը այսպիսին է՝ հաւաքուած ածիկը կը չորնայ ծուխի օգնութեամբ (որու համար կը վերցնեն ճահիճի տորֆ), քաղցրահիւթի ստացման համար կը խառնուի ջուրի հետ, կը խմորուի եւ կը թորուի։ Ստացած սպիրտը կը պահուի տակառներուն մէջ։ Ուիսքիի համին վրայ կ'ազդեն տորֆի բաղադրութիւնը, ջուրը, նախկին տակառին մէջ պահուած խմիչքը, ինչպէս նաեւ ուիսքիի պատրաստման վայրը (օրինակ ծովափին կամ ճահիճի մօտ)։ Տակառները կը պահպանուին ոչ հերմետիկանօրէն։ Միայն ուիսքիի տակառին մէջ պահուած ըլլալու տարիները կը նշուին անոր հնացման մէջ։ Ուիսքին չի «ծերանար» լեցուած ըլլալով ապակիայ տարայի մէջ։

Դասակարգ

Ուիսքիի Սկովտիական ասոցիացիան կը բաժնէ ուիսքին հետեւեալ խմբաւորումներուն.

  • Standard blend
  • Delux blend
  • Premium blend
  • Semi-Premium blend
  • Malt
  • Grain

Առաւել յայտնի ապրանքանիշերը

Սկովտիական ուիսքիի տարատեսակներ

Այժմ Սկովտիայի տարածքին գոյութիւն ունին ուիսքիի արտադրման 100-էն աւելի գործարաններ, որոնք կ'արտադրեն 2000-էն աւելի ուիսքիի ապրանքանիշներ։

Standard blend

  • Johnnie Walker Red Label
  • Long John
  • Teacher’s Highland Cream
  • Clan Campbell
  • Seagram’s 100 Pipers
  • Hankey Bannister
  • Hankey Bannister 12 YO
  • John Barr
  • Whyte & Mackay Special Reserve
  • Bell’s Extra Special
  • Black & White
  • John_Dewar_%26_Sons|Dewar’s White Label
  • Haig
  • White Horse
  • Scottish Leader
  • Attorney Marco
  • Highland Cup

Semi-Premium

MacLeod’s Isle of Skye 8 YO

Premium blend

  • Ballantine’s Finest
  • Cutty Sark
  • Famous Grouse
  • J&B Rare
  • Hankey Bannister 15 YO
  • Hankey Bannister 21 YO
  • John Player Special Rare

Deluxe

  • Ballantine’s Gold Seal
  • Cutty Sark 12 YO
  • Cutty Sark 18 YO
  • Cutty Sark Discovery
  • Famous Grouse|Famous Grouse 15 YO
  • Famous Grouse|Famous Grouse 21 YO
  • Famous Grouse|Famous Grouse Old Reserve
  • Whyte & Mackay 12 YO
  • J&B Jet
  • J&B Reserve
  • J&B Ultima

Ըմպելու եղանակը

Ուիսքին կ'ըմպեն սառոյցով, սոտայաջուրով, ձայնականով եւ այլն։

Արտաքին հղումներ

Կաղապար:Սկովտիական բանիւթներուն մէջ