Վոլիպոլ (Արկագունդ)

Ալճերիա եւ Ճափոն, աղջկանց ազգային հաւաքականի մրցաշարք, Ողիմպիական խաղեր, 2012

Վոլիպոլը (Արկագունդ), գնդակի մարզախաղ մը, որ կ'ունենայ երկու մրցակից խումբեր, վեցական մարզիկներէ կազմուած։

Պատմական Ակնարկ

Սկիզբ առած է 1890-ական թուականներուն՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Հետագային անցած  է Ճափոն, Չինաստան եւ Ֆիլիփին։ Հոլոքէյ, Մասաչուսեցի մէջ, մարզանքի ուսուցիչ Ուիլիըմ  Կ. Մորկըն հնարած է այս խաղը, որովհետեւ ան կողովագնդակի խաղը շատ վայրագ նկատած է:

Սկզբնական շրջանին,  Մորկըն այս խաղը «Mintonette» կոչած է, զորս փակ սրահներու մէջ, իբրեւ ժամանց կը խաղցուէր, սակայն մասնակցող մարզիկներուն թիւը յաճախ կը փոխուէր:

Խաղին սկզբունքները առնուած էին Կողովագնդակէն եւ Թենիսէն:

Ուիլիըմ Մորկըն

Խաղին Օրէնքները

  • Խաղին  բուն օրէնքները գրի կ'առնուին Մորկընի կողմէ, որոնք կը տպուին 1897-ին:
  • Այս խաղին հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն արական թէ իգական սեռերու մարզիկներ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերէն մարզիկներ:
  • 1916-ին խաղին օրէնքները որոշ չափով փոփոխութեան կ'ենթարկուին:
  • 1922-ին ազգային առաջին մրցաշարքը տեղի կ'ունենայ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
  • 1928-ին կը հիմնուի ԱՄՆ-ի արկագունդի առաջին խումբը:
  • Բացի 1944 եւ 1945 տարիներէն, մինչեւ 1949, արկագունդի մրցումները տեղի կ'ունենան միայն տղոց միջեւ:
  • 1949-ին կը սկսին իգական սեռի մրցաշարքերը, իսկ 30 տարիքը բոլորած աղջիկներունը՝ 1977-ին:
  • Համաշխարհային Ա. պատերազմին, շնորհիւ ամերիկացի զինուորներուն, խաղը մուտք կը գործէ Եւրոպական երկիրներ:
  • 1947-ին Արկագունդի յանձնախումբը կը կազմուի Փարիզի մէջ, ապա կը հաստատուի Զուիցերիոյ մէջ՝ 1984-ին:
  • Միջազգային արկագունդի մրցաշարքերը սկիզբ կ'առնեն 1913-ին, Մանիլայի մէջ:
  • 1900-ի սկիզբէն մինչեւ յետ համաշխարհային երկրորդ պատերազմ, Ասիոյ մէջ, արկագունդի խաղերը տեղի կ'ունենան ներկայ դաշտերէն աւելի ընդարձակ դաշտերու մէջ, բայց աւելի ցած ցանցով եւ իւրաքանչիւր խումբէ՝ ինն մարզիկ:
  • Արկագունդի յանձնախումբը կը կազմակերպէ բազմաթիւ մրցաշարքեր (1949-ին միայն տղոց, 1952-ին՝ աղջիկները եւս մասնակցելու իրաւունք կը ստանան):
  • 1964-ին խաղը կը ներառուի Ողիմպիական խաղերուն մէջ, Թոքիօ:

Ծանօթագրութիւններ

Կաղապար:Stub