Վրաստան

Վրաստան
Վրաստանի դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Աբխազիայի Ինքնավար Հանրապետություն?, Սամեգրելո-Զեմո Սվանեթ?, Իմերեթի մարզ?, Կախեթի մարզ?, Սամցխէ Ջաւախետի մարզ, Շիդա Քարթլիի մարզ?, Քվեմո Քարթլիի մարզ?, Աջարիա?, Գուրիայի մարզ?, Մցխեթ-Մթիանեթ?, Ռաճա-Լեչխում և Քվեմո Սվանեթ? եւ Թիֆլիս
Պետական լեզու Վրացերէն եւ աբխազերեն?
Մայրաքաղաք Թիֆլիս
Օրէնսդիր մարմին Վրաստանի խորհրդարան?
Երկրի ղեկավար Սալոմէ Զուրապիշվիլի
Կառավարութեան ղեկավար Իրակլի Կաբախիձե?
Ազգաբնակչութիւն 3 717 100 մարդ (2017)
Օրհներգ Թավիսուփլեբա?
Կարգախօս ძალა ერთობაშია
Հիմնադրուած է 25 Դեկտեմբեր 1991 թ.
Արժոյթ Վրացական լարի?
Ազգային տօն Նոր Տարի, Bedoba?, Ս․ Ծնունդ, Baptism of the Lord?, Մայրերու Օր, Կանանց Միջազգային Օր, Day of National Unity of Georgia?, Աւագ Ուրբաթ, Paschal cycle?, Զատիկ, Ս. Զատկուան Մեռելոց, Եվրոպայի օր?, Հայրենական մեծ պատերազմում հաղթանակի օր?, Saint Andrew the First-Called Day?, Անկախության օր?, Վերափոխումն Աստվածածնի?, Մցխեթոբա? եւ Յուրիի օր?
Ժամային համակարգ UTC+4։00, Եվրասիա/Թբիլիսի? եւ Վրաստանի ժամանակ?
Հեռաձայնային համակարգ +995
Համացանցի յղում .ge?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,802

Վրաստան (վրաց.՝ საქართველო  Լսել սաքարթուելօ  աբխ.՝ Қырҭтәыла, ովսերէն՝ Гуырдзыстон, երկիր մը Առաջաւոր Ասիոյ մէջ, կը գտնուէ Սեւ Ծովուն արեւելեան ափին։ Վրաստանը եւ աշխարհի բոլոր պետութիւնները, Ռուսիայէն եւ քանի մը այլ պետութիւններէն բացի, շարք մը տարածքներ կը համարեն գրաւուած եւ Վրաստանի կազմի մէջ մտնող։ Անոնք են՝ Ափխազիան եւ Հարաւային Ովսիան, որոնք Ռուսիոյ եւ քանի մը այլ պետութիւններու կողմէ ճանչցուած են որպէս անկախ պետութիւններ։ Վրացական իշխանութիւններու կողմէ վերահսկուող տարածքը արեւմուտքի մէջ սահմանակից է Ափխազիոյ, իսկ հիւսիսին՝ Հարաւային Ովսիոյ։ Ինչպէս նաեւ հիւսիսին սահմանակից է Ռուսիոյ, հարաւին՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, հարաւ-արեւելքին՝ Ազրպէյճանին։ Վրաստանը միջերկրամասային երկիր է, կը գտնուի Ասիոյ մէջ, մասամբ՝ Եւրոպայի մէջ։

199927 Ապրիլին Վրաստանը դարձաւ Եւրախորհուրդին անդամ։

Խոշոր քաղաքներն են Քութայիսը, Ռուսթաւին, Պաթումը, Սուխումը։ Մայրաքաղաքը եւ ամենէ խոշոր քաղաքն է Թիփղիսը։

Պատմութիւն

Զարգացած Միջնադար

Մինչեւ Թ դարը վրացիները հայերու եւ աղւաններու հետ համատեղ պայքարած են Վրաստանը տիրած արաբ նուաճողներու դէմ։ Վրաստանը Հայաստանի եւ Աղւանքի հետ միասին կը մտնէր Արմինիա կուսակալութեան մէջ։ աւելի ուշ Վրաստանը ազատագրուած է նաեւ Բիւզանդիայէն ունեցած կախումէ։ Ը դարու վերջը եւ Թ դարու սկիզբը ներկայիս Վրաստանի տարածքին մէջ ձեւավորուած են աւատատիրական խոշոր իշխանութիւններ՝ Կախէթ, Հերէթ, Աբխազիա)։ Աբխազիոյ Լէոն Բ իշխանը ամբողջ Արեւմտեան Վրաստանը միավորած է Էկրիս-Աբխազական թագաւորութեան մեջ (մայրաքաղաքը՝ Քութայիս

Ժ դարու երկրորդ կէսը եւ ԺԱ դարու սկիզբը ձեւավորւած է միասնական աւատատիրական պետութիւն մը՝ Վրաց Բագրատունիներու ներկայացուցիչ Բագրատ Գ թագաւորի (975-1014) գլխաւորութեամբ։ Վրաց թագաւորութիւնը տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական առաւելագոյն հզօրութեան հասած է ԺԲ-ԺԳ դարերը։ ԺԲ դարու առաջին քառորդը, Դաւիթ Շինարար թագաւորի օրոք (1089-1125) սելջուկական թուրքերու տիրապետութիւնը թօթափած Վրաստանը դարձած է Առաջաւոր Արեւելքի հզօր տէրութիւններէն մին։

Թամար թագուհի (1146-1213)

Վրաց թագաւորությունը հզօրութեան գագաթնակետը կը հասնէ Թամար թագուհիի իշխանութեան տարիները (1184-1213)։

ԺԳ դարու երկրորդ քառորդը Վրաստանը զավթած են մոնկոլ-թաթարներ։ ԺԴ դարու վերջը երկիրն ասպատակած են Լէնկ Թէմուրի հրոսակները։ ԺԵ դարու վերջը աւատատիրական երկպառակութիւններու հետեւանքով Վրաստանը բաժանւած է անկախ թագաւորություններու՝ Քարթլի, Իմերեթի, Կախեթի։

Վրաստանը Ռուսական Կայսրութեան Կազմին Ներսը

1783-ին Ռուսիան եւ Արեւելեան Վրաստանի թագաւորութիւնը կնքեցին Կէօրկիեւսքի պայմանագիրը: Պայմանագիրին դրոյթներու համաձայն կը մերժուէր Վրաստանի կախուածութիւնը Պարսկաստանէ կամ այլ ուժերէ եւ ամեն նոր թագաւոր պիտի թագադրուէր Ռուսիոյ ցարի հաստատումով։
1795-ին Պարսկաստանի քաջարներու զօրքերը ներխուժեցին Թփղիս, աւերեցին եւ հրդեհեցին եւ սրի քաշեցին անոր բնակիչները։

1800 Դեկտեմբեր 22-ին Ռուսիոյ ցար Փաւել Ա-ի հրամանագրով Վրաստանը մտցուեցաւ Ռուսական կայսրութեան կազմի մէջ։

Ռուս-պարսկական պատերազմին (1804-1813) 1805 թուականի ամառուան ռուսական զօրքերը Զագամի մօտ յաղթեցան պարսիկներու բանակը եւ անոնցմէ պաշտպանեցին Թփղիսը նօրէն նուաճելէ։ Արեւելեան Վրաստանի վերայ Ռուսիոյ խնամակալութիւնը վերջնականապես հաստատուեցաւ 1913-ին կնքուած Կուլիստանի պայմանագիրով։
Արեւելեան Վրաստանի գրաւումէն ետք Ալէքսանտր Ա ցարի կողմէ գրաւուեցաւ նաեւ Վրաստանի Իմերեթի թագաւորութիւնը։ Իմերեթի վերջին թագաւոր եւ վրաց Բագրատունիներու վերջին տիրակալ Սողոմոն Բ-ն աքսորուեցաւ եւ հոն վախճանուեցաւ 1815-ին։ 1803-էն մինչեւ 1878-ը քանի մը ռուսական պատերազմներու ընթացքին, սա անգամը՝ օսմանեան Թուրքիոյ դէմ, վերանուաճուեցան Վրաստանի կարգ մը կորսուած տարածքներ, ինչպէս Աճարիան եւ նոյնպէս մտցուեցան կայսրութեան կազմի մէջ։ Կուրիան եւ Մինկրելիան կայսրութեանը միացան 1857-ին, Սուանեթը՝ 1857-1859-ին։

1918-ին Վրաստանը հռչակեցաւ անկախութիւն, որը երկար չը տեւեցաւ:

1921 թուականի Փետրուարին Վրաստան մուտք գործեցաւ Կարմիր Բանակը։ Վրաստանի բանակը պարտուեցաւ եւ անկախ երկիրին կառավարութիւնը հեռացաւ երկիրէն։ Փետրուար 25-ին Կարմիր Բանակը մտաւ Թիֆլիս եւ նշանակեցաւ համայնավարական կառավարութիւնը պօլշեւիք Փիլիփ Մախարածէի գլխավորութեամբ։

Վրաստանի պօլշեւիքներու նշանաւոր դէմքերէն եղած է Իօսէփ Սթալինը, որուն անունն էր Եոսեպ Ճուղաշուիլի (იოსებ ბესარიონის ძე ჯუღაშვილი), հետագային դարձաւ Խորհուրդային Միութեան ղեկավարը 1922 ապրիլ 3-էն մինչեւ 1953 Մարտ 5-ին իր մահանալը։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Կարմիր Բանակի կազմը մօտ 700 000 վրաստանցիներ կռուած են նազիսթական Գերմանիոյ դէմ, որոնցմէ կէսը զոհուեցան Արեւելեան Ճակատի մարտի դաշտերը։

Անկախ Պետականութեան Վերականգնումը

1989 թուականի Ապրիլ 9-ին Թիֆլիսի կենտրոնը տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցը աւարտուեցաւ Խորհուրդային զօրքերու կողմէ քանի մը մարդու սպանութիւնով։ 1990 թուականի խորհրդարանի ընտրութիւնները յաղթեցաւ նախկին այլախոհներ Մէրապ Քոսթավայի եւ Զուիատ Կամսախուրտիայի Կլոր Սեղան-Ազատ Վրաստան ընդդիմադիր միավորումը՝ ստանալով 250 տեղերէն 155-ը։

1991 Մարտ 31-ին կայացաւ Վրաստանի պետական անկախութեան վերականգնման հանրաքուէ, մասնակցեցան ընտրողներու 90.5 %-ը, որոնցմէ 98.93 %-ը քուէարկեցան կողմ։ Ապրիլ 9-ին Գերագոյն Խորհուրդը ընդունեցաւ Վրաստանի անկախութեան վերականգնման որոշում։ Նոյն օրը ԱՄՆ քոնկրեսը ճանաչեցաւ Մարտի 31-ի հանրաքուէի իրաւասութիւնը, որ տէ-ֆաքտօ կը հանդիսանայ ԽՍՀՄ-էն անկախութեան ճանաչում։

ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք քանի մը զինուած հակամարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուեցան Թիֆլիսին վերահսկողութենէ դուրս երկու կազմաւորումներ՝ Աբխազիան եւ Հարաւային Ովսիան։

Ռազմական Յեղաշրջում

1991 Մայիս 26-ին կայացան առաջին նախագահական ընտրութիւնները, յաղթեցաւ Զուիատ Կամսախուրտիան։ Դեկտեմբեր 22-ին Թենկիզ Քիթովանիի գլխաւորած Ազգային Կուարտիան Ճապա Իոսելիանիի «Մխետրիոնի» զինուած կազմաւորումի օգնութեամբ բարձրացրեցաւ զինուած ապստամբութիւն եւ Զուիատ Կամսախուրտիան ստիպուած եղավ լքել երկիրը։ Սկիզբը ան մտաւ Հայաստան, ապա՝ Չեչնիա։

1992 թուականի Մարտին ընդդիմութեան ստեղծած Վրաստանի Պետական Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ ԽՍՀՄ նախկին Արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէն։

Միխէիլ Սաաքաշուիլի

1993 Սեպտեմբեր 24-ին Զուիատ Կամսախուրտիան վերադարձավ Զուկտիտի եւ նօրէն փորձ ըրաւ գալ իշխանութեան, սկսելով կարճ, սակայն՝ կատաղի քաղաքացիական պատերազմ մը։ Շեւարտնածէն ստիպուած եղաւ օգնութեան կանչելու ռուսական զօրքերը։ Կամսախուրտիան սպաննուեցաւ չպարզուած հանգամանքները։ Ռուսիոյ զինուորական օգնութեան դիմաց Վրաստանը տուաւ ԱՊՀ-ն միանալու համաձայնութիւն։

Վարդերու Յեղափոխութիւն

Կեանքի պայմաններու վատացումը, անարդարութեան բարձր մակարդակը, նաեւ 2003-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու կեղծումը հանգեցրեցան յեղափոխութեան ու Նոյեմբերի 23-ին Շեւարտնածէի հրաժարականին։ Իշխանութեան գլուխ անցաւ Միխէիլ Սաաքաշուիլին.

Զինուած Ոյժեր

Վրաց զինուորները Աֆղանստանի մէջ:

Վրաստանի զինուած ուժերու կազմը կը մտնին ցամաքային զօրքերը, յատուկ նշանակութեան ոյժերը, օդոյժերը, ազգային կուարտիան եւ ռազմական ոստիկանութիւնը։

2009-ի դրութեամբ Վրաստանի ԶՈՒ քանակը կը կազմէ 36 553 մարդ, այդ թիւը՝ 21 կեներալ, 6166 սպայ եւ ենթասպայ։

Պաշտպանութեան Նախարարութեան 2016-ի պիւտճէն կազմած է 600 մլն. լարի (2010-ին 750 մլն. եղած է, 2009-ին՝ 897 մլն., 2008-ին՝ 1.545 մլր)

Անուն

Օտար լեզուներով կը գործածուէն քանի մը տարբերակներ՝ արեւմտեան եւրոպական լեզուներով՝ որպէս սուրբ Կէօրկիի երկիր։ Գերմաներէն, շուետերէն՝ Georgien: Անգլերէն Georgia անունը քիչ մը դժուարութեան կը հանդիպէ ԱՄՆ Ճօրճիա նահանգի անունին նման ըլլալու պատճառաւ: Շփոթեն խուսափելու համար փակագիծերուն ներսը կը նշուի երկիր՝ Georgia (country)։ Մինչեւ անկախութիւն ստանալը Վրաստանի գերմաներէն անուանումը Gruzien եղած է, ներկայիս կը կոչուէ՝ Georgien:

Ռուսերէնի մէջ ընդունուած է Грузия ձեւը, կըսուի, որ ան պարսկերէն «կուրկէն» բառէն է, այսինքն՝ «գայլին ձագերու երկիր»: Նման ձեւով կը գրեն Ուքրաներէն՝ Грузiя : Ռուսերէնէ վերցրած են անունի քաթաքանա գիրերով ճաբօներէն տարբերակը՝ グルジア , նաեւ՝ Ռուսիոյ յարակից այլ լեզուներով՝ լիթուաներէն, լաթվիերէն, քրուաթերէն՝ Gruzija: Թուրքերէն Gürcistan ձեւը ունէ նոյն ծագումը։

Անունը Աստղագիտութեան Մէջ

1914 թուականի Յունուար 25-ին ռուս աստղագէտ Կրիկօրիյ Նէույմինը (Григорий Неуймин) իր յայտնաբերած երեք աստղանմաններէն երկուքի անունները կոչած է Հայաստանի եւ Վրաստանի պատիւներուն՝ Արմենիա (780 Armenia) եւ Քարթուելիա (781 Kartvelia):

Տնտեսութիւն

Հարաւային Կովկասի երկիրներու տնտեսութիւններու համեմատական ցուցանիշները:

Ետխորհուրդային այլ երկիրներու նմանութեամբ Վրաստանի տնտեսութիւնը շատ թոյլ վիճակը կը գտնուի։

Դրամական միաւորը

Դրամի միաւորի անունն է լարի (Վրաստանի հայերը կըսեն՝ լար), մտցուած է Էտուարտ Շեւարտնածէին օրոք՝ 1995 թուականին։

Պատկերանիշը ըստ ISO 4217-ի՝ GEL, կրաֆիկական պատկերանիշը՝

Կառավարման Համակարգը

Վրաստանը խորհրդարանային ժողովրդավարական երկիր է։ Խորհրդարանը կը հանդիսանայ բարձրագոյն օրենսդիր մարմին, կազմուած է 150 պատգամաւորներէ։ Պատգամաւորները կը ընտրուին չորս տարի ժամկէտով, 77-ը՝ ցուցակներով, 73-ը՝ մեծամասնական։ Վերջին ընտրութիւնները 2012 Հոկտեմբեր 21-ին տեղի ունեցած են։

2013-էն խորհրդարանը կը գտնուէ Քութաիս քաղաքը, Ապաշիծէ, 26 հասցէն։

Քաղաքական Կուսակցութիւններ

Իշխող կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ Վրացական երազանք-Տեմոքրաթական Վրաստանը։

Վրացական երազանք-Տեմոքրաթական Վրաստան՝ հիմնած է Պիծինա Իվանիշուիլի 2012 Մայիս 7-ին
Պատկեր:UNMGE logo en.jpg
Միացեալ Ազգային Շարժում՝ Միխեիլ Դաքաշուիլիի կուսակցութիւնն է, մինչեւ 2012-ը եղած է կառավարող, ներկայիս կը հանդիսանայ ընդդիմադիր։
Մեր Վրաստան-Ազատ Տեմոքրաթներ՝ հիմնադրուած է 2009 թուականին, ներկայ խորհրդարանը կը ներկայացուի 16 պատգամաւորով։

Ժողովրդագրութիւն

Վրաստանի բնակչութիւնը 2015 Յուլիսի դրութեամբ կազմած է 4 931 226 (122րդը՝ աշխարհին մէջ)։ Ազգային կազմը. վրացիներ՝ 83.8%, ազրպէյճանցիներ՝ 6.5%, հայեր՝ 5.7%, ռուսեր՝ 1.5%, այլք՝ 2.5% (2002)։ 2015-ի գնահատականներով բնակչութեան աճը կազմած է -0.08 %, ծնունդները կազմած են 12.74 ծն./1000 հոգի, մահերը՝ 10.82 ծն./1000 հոգի։ Կանանց ծննդաբերութեան միջին տարիքը 24 տարեկանն է։ Կանանց կեանքի միջին տեւողութիւնը 80.36 տարի է, տղամարդերունը՝ 71.65:

Աշխարհագրութիւն

Վրաստանի աշխարհագրական քարտէսը

Վրաստանը կը գտնուէ Հարաւային Կովկասի կեդրոնը եւ արեւմուտքը, 41-րդ եւ 44-րդ հիւսիսային լայնութիւններու եւ 40-րդ եւ 47-րդ արեւելեան երկայնութիւններու միջեւ։ Ունէ բազմազան բնական պայմաններ եւ հարուստ կենդանական եւ բուսական աշխարհ։ Մակերեսը 69 700 քառ. ք.մ. է, Սեւ ծովի առափնեան կը ձգուէ 308 ք.մ., չունէ կտրտուածքներ, թերակղզիներէ եւ կղզիներէ զուրկ է, որուն հետեւանքով նաւագնացութիւնը չէ զարգացած։

Վրաստանը խիստ լեռնային երկիր մըն է, հիւսիսը կը զբաղեցնէ Կովկասեան Մեծ Լեռնաշարը։ Լեռների միջով Ռուսիոյ հետ կապող գլխաւոր ճանապարհը կ'անցնէ Րոքի թունելի միջով, որ կը կապէ Շիտա Քարթլին Հյուսիսային Ովսիային հետ։ Լիխիի լեռնաշարը երկիրը կը բաժնէ արեւելեան եւ արեւմտեան կէսերու։ Պատմականորեն, Վրաստանի արեւմտեան մասը յայտնի եղած է որպէս Քոլխիտա (Կողքիս), միեւնոյն ատենը արեւելեան սարահարթը կը կոչուէր Իպերիա։ Լեռները նաեւ կը մեկուսացնէն հիւսիսը գտնուող Սուանէթը Վրաստանի մնացած մասէն։ Ռոքի թունելը ռուսական զինոյժի համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է 2008 թուականի Հարաւ-Ովսական պատերազմի ատենը, քանի որ միակ ուղիղ ճանապարհը եղած էր Կովկասի լեռներու միջով։

Վրաստանի ամենէ բարձր լեռը Շխարա գագաթն է, բարձրութիւնը՝ 5068 մ. ծովի մակարդակէն։

Մարզական

Վրաստանի րըքպիի հաւաքականը կը տօնէ Ռուսիոյ դէմ տարած յաղթանակը

Զարգացած մարզաձեւերէն են՝ ճուտօն, րըքպին։

Վրաստանի րըքպիի ազգային հաւաքականը 2015 նոյեմբեր 16-ի դրութեամբ աշխարհը 15րդ վարկանիշը ունեցած է։ Մասնակցած է 2015 թուականի աշխարհի առաջնութեանը, որպէս վերին 16-ի խումբ։

Զարգացած խաղային մարզաձեւերէն է նաեւ պասքըթբոլը։

Վրաստանի հաւաքականը 2011-էն ի վեր կը մասնակցէ Եւրոպայի առաջնութիւնը։ Կարգ մը մարզիկներ մասնակցած էն NBA-ի մրցաշարերը՝ Նիքոլոզ Ցքիթիշուիլի, Թորնիքէ Շենկելիա։ Ներկայիս հոն կը խաղայ Ճէյք Ծաքալիդիսը։

Անկախութեան տարիները Վրաստանի մարզիկները նււաճած են վեց ողիւմպիական ոսկեայ մէտալ՝

  • 2004-ի Աթէնքի խաղերը ողիւմպիական ախոյեան դարձած են ծանրաբարձ Կիօրկի Ասանիծէն եւ ճոտօյէն՝ Զուրապ Զուիատաուրին
  • 2008-ի Պէյճինի խաղերը ախոյեան դարձած են երեք վրացիներ՝ ըմբշամարտիկներ Մանուչար Քուիրքուէլիան եւ Րեւազ Մինտրաշուիլին եւ ճուտօիստ Իրաքլի Ցիրեքիծէն
  • 2012-ի Լօնտոնի խաղերը ճուտօյի ախոյեան դարձած է Լաշա Շավտաթուաշուիլին։

Խոհանոց

Վրաստանն ունէ բազմազան եւ հարուստ խոհանոց։ Ազգային կերակուրներու ցանկը կը թուի թէ անվերջ է, եւ ատիկա ճշմարտութենէ հեռու չէ։ Խինքալի, խաճապուրիի տարատեսակներ, խարչօ ապուր, փիթի, սացիվի կերակրատեսակներու անունները վաղուց արդեն յայտնի դարձած են Վրաստանի սահմաններէն դուրս։ Վրացական խոհանոցը բնորոշ է ստեղծագործական վերաբերմունքը, համեմունքների առատութիւնը, մատուցելու արարողակարգերը, որոնք ան կը դարձնեն իւրահատուկ եւ գրաւիչ։ Կերակրացանկերը կը լրացնեն բազմապիսի սոուսները՝ աճիքա, թղեմալի եւ այլն։

Կենդանական Աշխարհ

Արեւմտակովկասեան տուր

Վրաստանն ունէ շատ հարուստ բնութիւն, անտառածածկոյթը կը կազմէ երկիրին բնապատկերներու անբաժան մասը՝ 37%: Բազմապիսի կենդանիներ կը բնակին հոն, որոնցմէ խոշորները՝ արջ, աղուէս, ազնիւ եղջերու, վարազ, այծեամ։ Ոչնչացումի եզրը կը գտնուի հովազը։ Կը համարուէր, որ ան վերացած է Վրաստանի մէջ, սակայն վերջերս տեսած են քանի մը հատ։ Նոյնն վիճակն է շերտաւոր բորենիի պարագային։

Տօնական օրերը

  • Նօր Տարի ახალი წელი՝ Յունուար 1-ին
  • Սուրբ Ծնունդქრისტეშობა՝ Յունուար 7-ին
  • Մկրտութիւն ნათლისღება՝ Յունուար 19-ին
  • Մօր Օր დედის დღე՝ Մարտ 3-ին, պետական տօն է յայտարարուած 1991-ին Զուիատ Կամսախուրտիոյ կողմէ։
  • Կանանց Միջազգային օր ქალთა საერთაშორისო დღე՝ Մարտ 8-ին
  • Ազգային Միասնութեան Օր ეროვნული ერთიანობის დღე՝ Ապրիլ 9-ին, ազգային տօն է յայտարաուած 1989 Թիֆլիսի իրադարձութիւններէ ետք
  • Սիրոյ Օր სიყვარულის დღე՝ Ապրիլ 15-ին
  • Շարժական տօներ՝ Կարմիր Ուրբաթ, Աւագ Շաբաթ, Զատիկ წითელი პარასკევი, დიდი შაბათი, ბრწინვალე აღდგომა
  • Յաղթանակի Օր ფაშიზმზე გამარჯვების დღე՝ Մայիս 9-ին
  • Անդրէաս Առաքեալի Օր წმინდა მოციქულის ანდრია პირველწოდებულის საქართველოში შემოსვლის დღე՝ Մայիս 12-ին
  • Անկախութեան Օր დამოუკიდებლობის დღე՝ Մայիս 28-ին
  • Կերկէթոպայ გერგეთობა՝ Յուլիս 16-ին
  • Մարիամոպայ მარიამობა՝ Աւգոստոս 28-ին
  • Սուէթիցխովլոպայ სვეტიცხოვლობა
  • Կիօրկոպայ გიორგობა՝ Նոյեմբեր 23-ին, Սբ. Գէորգի օր, որ երկիրին հովանաւորը կը համարուի

Վրաստանի մէջ գտնւող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրերը

  • Մցխէթի պատմական յուշարձանները 708 (1994)
  • Բագրատի տաճարը եւ Կելաթի վանքը Քութաիսը, Իմերէթ 710 (1994)
  • Վերին Սւանեթի լեռնային գիւղերը 709 (1996)

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ