Տնտեսութիւն (հին յուն․՝ οἶκος – տուն եւ νόμος – օրէնք, տառացիօրէն «տնտեսավարման կանոններ») տնտեսական գործունէութիւն (արտադրութիւն, բաշխում, փոխանակում եւ բարիքներու սպառում)։ «Տնտեսութիւն» տերմինի տակ սովորաբար կ'ենթադրուի.
Առաջին անգամ գիտական աշխատութեան մէջ «տնտեսութիւն» բառը կը յայտնուի մ. թ. ա. 4-րդ դարուն, Արիսթոթէլի մօտ, որ զայն կ'անուանէ «բնական գիտութիւն»։ Տնտեսագիտութեան գլխաւոր գործառոյթը կը կայանայ անոր մէջ, որ մշտապէս ստեղծած է այնպիսի բարիքներ, որոնք անհրաժեշտ են մարդոց կենսագործունէութեան համար եւ առանց որոնց հասարակութիւնը չէր կրնար զարգանալ։ Այսօր տնտեսագիտութիւնը նիւթական եւ ոչ նիւթական արտադրութեան ոլորտները ներառող տնտեսավարման համակարգ է։ Ժամանակակից հասարակութեան տնտեսագիտութիւնը կը ներկայացնէ բարդ եւ ընդգրկուն օրկանիզմ, որ կ'ապահովէ ամէն մարդու եւ ամբողջ հասարակութեան կենսագործունութիւնը։ Տնտեսութիւնը կ'օգնէ բաւարարել մարդու առաւելագոյն պահանջները սահմանափակ աղբիւրներու աշխարհին մէջ։ Կ'առանձնացուին տնտեսութեան տարբեր ձեւեր.
Հետազօտողները նկատի ունին տնտեսութիւնը, երբ կ'առանձնացնեն արտադրութեան «micro-macro»տնտեսական մակարդակները եւ միջ-տնտեսականը։ «micro»տնտեսականը հանդէս կու գայ որպէս առանձնացուած արտադրութիւն կամ ձեռնարկութիւն։ «macro»տնտեսականը հանդէս կու գայ որպէս ազգային տնտեսութիւն կամ պետութեան տնտեսութիւն։ Միջ-տնտեսականը բնութագրած է համաշխարհային տնտեսութեան առաջացման եւ զարգացման օրինաչափութիւնը։
Փիլիսոփայութեան մէջ տնտեսութիւնը դիտարկուած է որպէս հասարակական յարաբերութիւններու համակարգ՝ արժէքի հասկացութեան տեսանկիւնէն դիտուած։ Մարքսիզմը մարդու գործունէութիւնը՝ նիւթական բարիքներու արտադրութեան եւ վերարտադրութեան, մարդու հիմնական նիւթական պահանջներու բաւարարումն է (սնունդը, կացարանը եւ այլն)։ Արիսթոթէլը կը հակադրէր տնտեսական քրեմատիստիկային (գործունէութիւն, ուղղուած օգուտի ստացման)։ Տնտեսութիւնը նիւթական բարիքներու արտադրութեան, բաշխման, փոխանակման եւ սպառման, աղբիւրներու բնական օգտագործման վերաբերեալ հասարակական յարաբերութիւններու ոլորտ է։
Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւնները 2008 թուականին ՀՆԱ-ի ծաւալով (միլիոն ԱՄՆ տոլարով) համաձայն International Monetary Fund-ի՝ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի կողմէ կազմուած ցուցակի.