Քաթալոնիա

Բնակավայր
Քաթալոնիա
կատ.՝ Catalunya
օքս.՝ Catalonha
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Սպանիա
Ներքին բաժանում Նահանգ, Կիրոնա, Կիրոնա եւ Թարրակոնա
President of the Generalitat of Catalonia? Փեր Արակոնէս
Օրէնսդրական մարմին Քաթալոնիոյ խորհրդարան
Հիմնադրուած է՝ 988
Տարածութիւն 31 895 քմ²
Պաշտօնական լեզու Քաթալոներէն, Սպաներէն եւ Օքսիտաներէն
Բնակչութիւն 7 747 709 մարդ (2022)
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով
Ժամային գօտի UTC+1
Անուանուած է Քաթալոնացիներ
Սուրբ բարեխօս Սուրբ Գէորգ եւ Մոնսերաթի Ս. Մարիամ
Պաշտօնական կայքէջ Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-ca" does not exist։

Քաթալոնիա, պատմական երկրամաս՝ Սպանիոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը, Փիրէնեան լեռներուն եւ Միջերկրական ծովուն միջեւ:Ունի 32.114 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ աշխարհագրական քանի մը գօտիներու բաժնուած է:

Մայրաքաղաքն է՝ Պարսելոնան:

Աշխարհագրութիւն

Հիւսիսը Փիրէնեան լեռներն են շուրջ 200 քիլոմեթր երկարութեամբ, որոնք գլխաւոր երկու լեռնաշղթաներու բաժնուած են. Աքսիալ Փիրէնէ` հիւսիւսային կողմը, եւ Փրէ Փիրէնէ` անկէ հարաւ: Գլխաւոր լեռնաշղթաներուն զուգահեռ կան աւելի ցածրադիր լեռնաշղթաներ: Փիքա տ՛Էսթաթս ունի 3143 մեթր բարձրութիւն, Փիկփետրոս` 2014 մեթր բարձրութիւն: Փրէ Փիրէնէի մէջ կը գտնուի Սերրա տէլ Սատին:

Փիրէնեան լեռներէն հարաւ 200-էն 600 մեթր բարձրութեամբ հարթավայրեր են, որոնք Էպրօ գետի հովիտին արեւելեան մասը կը կազմեն: Փիրէնեան լեռներէն հոսող ջուրերը կ՛ոռոգեն հողերը: Կան նաեւ ջրանցքներ: Երկրագործականօրէն բերրի շրջան է: Դէպի հիւսիս-արեւելք Էմփորտա դաշտավայրն է:

Միջերկրականեան գօտին կ'ընդգրկէ երկու եւ աւելի լեռնաշղթաներ, որոնք կ'երկարին ծովուն զուգահեռ, հիւսիս-արեւմուտքէն դէպի հարաւ-արեւելք: Գլխաւոր բարձունքներն են` Մոնթսերրաթ, Մոնթսենի եւ Փորթօ: Լեռներուն միջեւ կան դաշտեր, որոնցմէ գլխաւորներն են` Վալլէս եւ Փենետէս:

Գլխաւոր գետերն են` Թեր, Լոպրեկաթ եւ Էպրօ: Էպրոյի տելթան, 340 քիլոմեթր տարածութեան վրայ, չափազանց բարեբեր է եւ բրինձի, բանջարեղէնի ու կիտրոնային պտուղներու շտեմարան:

Բնութիւն

Բնութիւնը գեղեցիկ է. մէկ` կողմը` ծովուն կապոյտը անհուն, ջինջ ջուրերով, միւս կողմը` բրինձի ու ցորենի մշակման բերրի դաշտեր, ձիթապտուղի, նարինջի, լեմոնի ծառաստաններ ու խաղողի այգիներ, եւ հեռուն` լեռներու կանաչապատ, անտառախիտ բարձունքները ձիւնապատ գագաթներով: Հարուստ արօտավայրեր, եւ ոչխարի, այծի, խոզի, կովու, ձիու եւ հաւազգիներու բուծանման ագարակներ:

Կենդանական աշխարհ

Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն են՝ վարազը, կարմիր աղուէսը, եղնիկը, քարայծը եւ արջը: Ջուրերը հարուստ են ձուկերով: Հին ու պատմական բնակավայրեր` միջնադարեան թաղերով, քարաշէն եւ կղմինտրածածկ տուներով, նեղ փողոցներով, եկեղեցիներով ու վանքերով:

Կլիմայ

Կլիման ծովափնեայ եւ ներքին շրջաններուն մէջ ամառը տաք է, ձմեռը` մեղմ: Լեռնային շրջաններուն մէջ ամառը` զով, ձմեռը` ցուրտ եւ ձիւնապատ: Գարունը եւ աշունը ամէնուրեք մեղմ, հաճելի եւ անձրեւային եղանակներ են: Լեռներուն, հովիտներուն եւ դաշտերուն մէջ յաճախակի են մառախուղները:

Նահանգները

Քաթալոնիոյ ինքնավար մարզը բաժնուած է չորս նահանգներու. Պարսելոնա, Կիրոնա, Լէիտա եւ Թարրակոնա: Կան 948 քաղաքապետութիւններ:

Տեղական ինքնավար մարմինները երկրամասը աշխարհագրական քանի մը գօտիներու բաժնած են. Ալթ Փիրինէու ի Արան, Ամպէթ Մեթրոփոլիթա տէ Պարսելոնա, Քամփ տէ Թարրակոնա, Քոմարգէս Կիրոնինէս, Քոմարգէս Սենթրալս, Փենետէս, Փոնենթ եւ Թերրէս տէ լ'Էպրէ:

Անուանում

Քաթալոնիա անուանումը յառաջացած է Գոթիա եւ լոնիա (գոթերու երկիր) անուանումէն, որովհետեւ քաթալան կոմսերը եւ ժողովուրդը գոթերու երկրամասին մէջ կեդրոնացած էին: Ըստ բիւզանդական աղբիւրներու համաձայն շրջանը կոչուած է Քաթալոնիա, իբրեւ գոթերու եւ ալաններու երկրամաս: Ըստ այլ կարծիքի մը, Քաթալոնիա քասթլա կաս քասթլան անուանումէն սերած է եւ կը նշանակէ դղեակներու երկիր. ըստ այս կարծիքին Քաթալոնիա եւ Քասթիլիա նոյն արմատէն սերած են:

Տեղացիք, ինչպէս նաեւ քասթիլացիք երկրամասը կը հնչեն իբրեւ Քաթալունիա, իսկ արակոնէս լեզուով կը հնչուի Քաթալոնա:

Ցեղերը

Ներկայ Քաթալոնիոյ, ինչպէս նաեւ Իպերիական թերակղզիի հին բնիկները իպերիացիներն են: Միջերկրականի յարող գօտիին, ներկայ Քաթալոնիոյ իպերիական գլխաւոր ցեղերն էին` իլերկեթէս, ինտիկեթէս եւ լաքեթանի, որոնք կապեր ունէին յարակից ծովափնեայ շրջաններու բնակիչներուն հետ: Գլխաւոր բնակավայրերն էին` Իլերտա (ներկայ Լէիտա), Հիպերա (հաւանաբար Ամփոսթա կամ Թորթոսա) եւ Ինտիքա (Ուլասթրէթ): Ն. Ք. Ը. դարուն յունական առեւտրական համայնքներ կը կազմաւորուին ծովափերու երկայնքին, գլխաւորաբար` Ռոսէսի ծոցին, Էմփորիոնի եւ Ռոսէսի մէջ: Փիւնիկեցիք եւս առեւտրական բնակավայրեր հաստատեցին: Հետագային կարթագէնացիք իրենց հսկողութեան տակ կ'առնեն Միջերկրականի առափնեայ գօտին:

Կարթագէնի նուաճումէն ետք

Հռոմի կողմէ Կաթագէնի նուաճումէն ետք Իպերիոյ հիւսիս-արեւելքը Հռոմի տիրապետութեան ենթարկուեցաւ: Թարրաքոնենսիս նահանգը կ՛ընդգրկէր ներկայ Քաթալոնիան, որուն գլխաւոր քաղաքներն էին Թարրաքօ (ներկայ Թարրակոնա), Իլերտա (Լէիտա), Տերթոսա (Թորթոսա), Կերունտա (Կիրոնա), նաւահանգիստներ` Էմփորիոն եւ Պարսինօ (Պարսելոնա):

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։