Քոս կամ Գոս, (յուն․՝ Κως ) Էգէական ծովուն հարաւ-արեւելքը գտնուող Տոտեքանիսա կղզեխումբի Δωδεκάνησα (յոգնակի իմաստով) կամ՝ Δωδεκάνησος (եզակի իմաստով) պատկանող յունական կղզի`Թուրքիոյ Անատոլիոյ ափերուն բացերը: Քոսը Տոտեքանիսա կղզեխումբին երրորդ ամենամեծ կղզին է Ռոտոս Rhodes եւ Քարփաթոս Karpathos կղզիներէն ետք։ Իսկ բնակչութիւնը՝ 33 338 (2011 թուականի մարդահամարով) հոգի է, ինչ որ զայն կը դարձնէ Տոտեքանիսա կղզեխումբի երկրորդ ամենախիտը` Ռոտոսէն յետոյ: Վարչականօրէն Քոսը համանուն շրջանի առանձին միաւոր է: Կղզիին գլխաւոր քաղաքը եւ քաղաքապետարանը կը գտնուի համանուն Քոս քաղաք-նաւահանգիստին մէջ:
Քոս անունը (հին յուն․՝ Κῶς, Κῶ) առաջին անգամ գործածուած է Հոմեռոսի Իլիատայի մէջ եւ այդ ժամանակէն ի վեր կը գործածուի: Այլ անուններն են (Meropis) Մերոփիս, Քիա, եւ Նիմֆաէա:
Ուրիշ լեզուներով Քոսը նախապէս յայտնի էր իբրեւ Սթանչօ, Սթանչիօ կամ Սթինքօ: Օսմանեան եւ ժամանակակից թրքերէնով յայտնի է İstanköy (յունարէնի բառացի թարգմ․ εις την Κω 'to Kos' «իս թին Քօ» ):
Իտալերէնով կղզին յայտնի է Քու անուամբ:
Քոսի բնակիչը յունարէնով կը կոչուի Քոթիս Κώτης (արական)/ Քոթիսա Κώτισσα (իգական):
Քոսի բնակիչներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յոյն ըլլալով, հիմնականօրէն ուղղափառ քրիստոնեաներ են: Բացի եկեղեցիներէ, կղզիին մէջ կայ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցի եւ մզկիթ՝ թրքալեզու համայնքին համար: Սինակոկն այլեւս չի օգտագործուիր կրօնական արարողութիւններու համար, քանի որ Քոսի հրէական համայնքը ոչնչացուած է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Այն, այնուամենայնիւ, վերականգնուած է եւ կը պահպանէ բոլոր կրօնական խորհրդանիշները եւ այժմ Գոսի քաղաքապետարանը կ'օգտագործէ մշակութային միջոցառումներու համար:
1920-ական թուականներու վերջը, Քոս քաղաքին մէջ՝ գլխաւորապէս քաղաքի արեւմտեան մասը, կը բնակէր շուրջ 3700 թուրք, բնակչութեան 50%-էն աւելին: Այսօր Քոսի մէջ թրքական բնակչութեան թիւը կը գնահատուի 2000 հոգի: Թուրքերով բնակուած ամենամեծ գիւղը՝ Փլաթանին (Քերմենթես) կը գտնուի Քոսի մերձակայքը:
Կղզին իր նաւահանգստի մուտքին մօտ ունի 14-րդ դարու Անտիմահիա Αντιμάχεια ամրոցը, որ կառուցուած է 1315 թուականին՝ Բիւզանդական շրջանին: Իսկ 14-րդ դարուն վերջաւորութեան Մալթայի միաբանութիւնը Ordre de Malte կը կառուցէ Քոսին Բերդը κάστρο της Κω ծանօթ իբրեւ՝ «Քասթրօ թիս Ներանծիաս» κάστρο της Νεραντζιάς․ բերդին շրջակայքը նոյն դարավերջին եւ 15-րդ դարասիզբին թթու նարինջենիներ եւ լիմոնի ծառեր կը տնկեն, այս պատճառով ծանօթ է իբրեւ Թթու նարինջենիին Բերդը κάστρο της Νεραντζιάς Νεραντζιά․ (թթու նարնջենի)։
Քոսի հնագոյն շուկան կը համարուի աշխարհի ամենամեծերէն մէկը: Այդ առեւտրական եւ վարչական կեդրոն էր հին քաղաքի կեդրոնին մէջ: Ունի 82 մեթր լայնք եւ 152 մեթր երկարութիւն: Կը տարածուի նաւահանգիստին հնագիտակն վայրին մէջ՝ հիւսիսային շրջանէն մինչեւ հարաւի` քաղաքը ճեղքող ճանապարհի վրայ (Տեքումանուս): Այնտեղ կար յիշատակերտային կամ կոթողային մուտք: Արեւելեան կողմը խանութներ կային: Ք.Ա. 469 թուականին երկրաշարժէն յետոյ կը քանդուի: Հնագիտական պեղումներէն ետք կը յայտնուի թէ շուկային ընդհանուր երկարութիւնը 300 մեթր է։
Շուկայի հարաւը կար հռոմէական գմբէթով կլոր շինութիւն եւ արհեստանոց, որ կ'արտադրուէիր գունանիւթեր յատկապէս «Եգիպտական կապոյտ»ը: Հնագէտները հետագային կը յայտնաբերեն հռոմէական շրջանէն մնացած ոսկեդրամներ, գանձեր, պղինձէ արձաններ: Արեւմտեան կողմէն պեղումները կը անգին խճանկարներու յատակներով սենեակներու գտածոներու, որոնց պատկերները ցոյց կու տան գազաններու մարտեր, որը Քոսի մէջ բաւականին տարածուած նիւթ էր:
Ասքլիփիօ․ Հին Յունաստանի ամենամեծ բուժարանը։ Քոս կղզիին հանրածանօթ հնագիտական վայրը։ Կը սկսի կառուցուիլ Ք․ա 4-րդ դարուն։ Անոր գաւիթին մէջ հաստատուած էր Հիփոքրաթիին* Բժշկութեան Դպրոցը Ιατρική Σχολή του Ιπποκράτη։ Անոր մօտ հնադարեան տարիներուն կային տաք հոսուն բուժիչ ջուրեր։
Հիփոքրաթիս․ կը սեպուի Բժշկութեան հայրը։ Աշխարհի բոլոր բժիշկները, երբ կը ձեռքբերեն բժշկութեան վկայականը, երդումը որ կու տան կը կոչուի՝ Հիփոքրաթիսին Երդումը όρκος του Ιπποκράτη։