Երկիր (Խորհրդանիշ: ), Երկիրը Արեգակնային Դրութեան այն մոլորակն է, ուր բնակուած է մարդու կողմէ: Ան երրորդն է Փայլածուէն եւ Արուսեակէն ետք: Գրեթէ գնդաձեւ է: Տրամագիծն է 12713 քմ. մէկ բեւեռէն միւսը եւ 12756 քմ. հասարակածին վրայ:
Երկրին կազմութիւնը. 4.5 միլիոն տարի առաջ, արեգակնային նախնական միգամածի փոքրիկ մէկ մասը հետզհետէ խտանալով կազմած է երկիրը:
Երկրին կառուցուածքը կրնանք նմանցնել սոխի խաւերուն: Ունի համակեդրոն երեք խաւեր.
Երկիրը պարուրուած է «Կազային ծածկոց»ի մը մէջ, որ կը կոչուի Մթնոլորտ: Հազար քմ. հաստութեամբ այդ ծածկոցը յատկապէս կազմուած է բորակածինէ եւ թթուածինէ: Առանց մթնոլորտին, Արեւէն ածխացած պիտի ըլլայինք օրուան մը ընթացքին եւ տառացիօրէն սառած՝ գիշերը:
Մթնոլորտը ունի առնուազն չորս խաւեր. թրոփոսֆէրը, որ ծովի մակերեսէն մօտաւորապէս 11 քմ. բարձրացող խաւն է, կը տնօրինէ օդերեւութաբնական երեւոյթները, այսինքն անձրեւը, պայծառ օդը, եւայլն: Մթնոլորտը իր մէջէն դէպի Երկիր անցընել կու տայ արեւուն այն ճառագայթները միայն, որոնք մեզ կը լուսաւորեն եւ կը տաքցնեն: Ան կը ներծծէ անդրմանիշագոյն ճառագայթները, որոնք կը վտանգեն մեր կեանքը: Եթէ այս վերջին ճառագայթներէն մաս մը յաջողի ներթափանցել վերջին խաւերէն, ապա զանոնք կը կասեցնէ եթերի (օզօն) խաւը՝ շուրջ 50 քմ. բարձրութեան վրայ: