Ուղտերը (լատ.՝ Camelus) կը պատկանին կոշտուկաւորներու ենթակարգին։ Մեծ անասուններ են։ Կը բնակին անապատներու, կիսանապատներու եւ տափաստաններու մէջ։ Ներկայիս գոյութիւն ունի ուղտերու երեք տեսակ՝
Վերջինս նախապէս կը համարուէր երկսապատաւոր ուղտի վայրի նախնին, այնուհետեւ ենթատեսակը (Camelus bactrianus ferus), սակայն 2007-2010 թուականներուն կատարուած հետազօտութիւններու հիման վրայ, այս անասունները առանձնացած են իբրեւ ինքնուրոյն տեսակ։ Հարկ է նշել, որ վայրի ուղտը ներկայիս գոյութիւն ունեցող տեսակներէն միակն է, որ իսկապէս վայրի է, միասապատ եւ երկսապատ ուղտերը ծանօթ են կամ իբրեւ ընտանի կամ վայրիացած։
Լատինական Camelus անուանումը ծագած է յունարէն «κάμηλος», «ժամալ» (արաբերէն՝ جَمَل, ивр. גמל) բառերէն։
Արաբերէն «ժամալ» (جَمَل) բառը գեղեցկութիւն կը նշանակէ:
Ուղտերը տարածուած են միայն անապատային գօտիին տափաստանային եւ չոր տարածքներուն մէջ: Անոնք չեն կրնար ապրիլ խոնաւ վայրերու կլիմայի կամ լեռներու մէջ։ Ընտելացուած պայմաններուն ուղտերու երկու տեսակը, Հին աշխարհի մէջ, տարածուած էր Ասիոյ եւ Ափրիկէի բազմաթիւ մասերուն մէջ։ Տրոմետարներուն կարելի է հանդիպիլ Ափրիկէի հիւսիսը, Արաբական թերակղզիին մէջ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։
ԺԹ. դարուն անոնք տեղափոխուած են Աւստրալիա, ուր արագ յարմարած են տեղական կլիմայական պայմաններուն եւ այսօրուան դրութեամբ, ըստ քանակի անոնց թիւը հասած է 50 հազարի։
Կեդրոնական Ասիոյ մէջ բնակող երկսապատանի ուղտ Պաքթրիանը (Bactrian camel Central Asia) (Camelus bactrianus) ընտելացուած է հեռաւոր նախնիներու կողմէ։
Մոնկոլիոյ եւ Արեւելեան Չինաստանի անապատներուն մէջ մինչեւ օրս կարելի է հանդիպիլ վայրի Պաքթրիան ուղտերու, ուր անոնք առաջին կարգին կը դիմագրաւեն ջուրի անբաւարարութիւնը, քանի որ անապատներու մէջ մարդը առաջին հերթին կ'օգտագործէ բաց աղբիւրները։
Աշխարհի տարածքին կայ շուրջ 19 միլիոն ուղտ, որմէ 14,5 միլիոնը կ'ապրի Ափրիկէի մէջ։ Միայն Սոմալի մէջ անոնց թիւը կը հասնի 7 միլիոնի, իսկ Սուտանի մէջ՝ 3,3 միլիոնի։
Վայրի միասապատ տրոմետար ուղտերէն (Dromedary / Arabian camel) (Camelus dromedarius) մեր օրերուն չեն պահպանուած։
Աւստրալիոյ կեդրոնական շրջաններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ վայրի ուղտերու, որոնք սահմանափակ գործօններու բացակայութեան պատճառով անկանոն կը բազմանան։ Հին աշխարհի լայնարձակ տարածութիւններու չոր եւ տաք կլիմայական պայմաններու մէջ տրոմետար ուղտերը կարեւոր դեր կը կատարեն տնտեսական աճի ապահովման մէջ: