Չղջիկներէն փոքրիկ ստնաւորները վախազդու անասուններ են, որովհետեւ միայն գիշերները դուրս կու գան: Չղջիկները ոչ թէ վնասակար, այլ օգտակար են մարդոց: Անոնք միջատներ կ՛ուտեն եւ կ՛օգնեն ծաղիկներու բեղմնաւորումին:
Մարդիկ կը կարծեն, թէ չղջիկները կրնան իրենց մազերուն փակչիլ: Իրականութիւնը այն է, որ կարգ մը չղջիկներ շատ սուր տեսողութիւն ունին, իսկ ուրիշներ արձագանգի միջոցաւ կրնան ճշդել իրենց շուրջ գտնուողներուն վայրերը: Այս ձեւով չղջիկին համար շատ դիւրին է գիտնալ թէ ճիշդ ուր ենք մենք եւ շեղիլ: Նաեւ, շատ մը չղջիկներ կը վախնան մարդոցմէ եւ դիտումնաւոր կերպով չեն մօտենար մեզի:
Ընդհանրացած է նաեւ այն կարծիքը, թէ չղջիկները մարդու արիւնը կը ծծեն: Իրականութեան մէջ 3 տեսակի չղջիկներ կան որոնք արիւնով կը սնանին, սակայն անոնք միայն կ՛օգտագործեն անասունի արիւն: