Airbus A380-ը երկու յարկանի չորս շարժիչով օդանաւ մըն է, որը կ'արտադրուի Airbus ընկերութեան կողմէ։ Առաջին անգամ Airbus A380-ը թռաւ 27 Ապրիլ 2005-ին, Թուլուզ քաղաք։ Մինչեւ, որ այս օդանաւին վերջնական անուն գտնուի, Airbus A380-ը կոչուած էր Airbus A3XX։
Առաջին ընկերությունը, որ Airbus A380-ը գործածած է, Singapore Airlines-ը եղած է, որ 10 հատ A380 ապսպրեց։
A380-ը աշխարհի վրայ ամէնէ մեծ օդանաւն է, որ 73 մեթր երկայնք եւ 24,10 մեթր բարձրութիւն ունի։ Boeing 747-ին տեղը գրաւեց, որ ամէնէ մեծ ճամբորդական օդանաւն էր։
Այս սաւառնակը ունի չորս շարժիչ, որ Engine Alliance-ը կամ Rolls-Royce-ը կը շինեն։ Թռիչքային կշիռը 560 թօն է, դատարկ օդանաւի 280 քաշի պարագային։ Ներկայիս A380-ը նաեւ ամէնէ խոշոր օդանաւն է, եւ աւելի շատ ուղեւորներ փոխադրելու կարողութեամբ օժտուած է, քան Boeing 747-ը, որը 36 տարիներու ընթացքին խոշորագոյնը եղած է։ Այս շատ ծանր օդանաւը ունի քսան անիւ իր ծանրութիւնը շալակելու համար եւ երկու աւելորդ անիւներ, որ առջեւն են։
A380-ին մասերը բոլորը Եւրոպայի մէջ կը շինուին։ Մարմինը կը շինուի Ֆրանսա եւ Գերմանիա, պոչը՝ Սպանիա եւ թեւերը՝ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։ Ունի նաեւ բեռնատար ձեւատարբերակ մը՝ A380F, մինչեւ 150 թօն բեռները 10 370 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ փոխադրելու կարողութեամբ։
A380-ը խոշոր օդանաւերու շարքին մէջ ամենախնայողականն է, մէկ ուղեւորին վրայ ծախսուող վառելիքի քանակը 100 ք.մ. ճամբու համար կը կազմէ երեք լիդր, որը, Airbus-ին խօսքով 17%-ով պակաս է, քան կը ծախսէ "այսօրուան ամէնէ մէծ օդանաւը" (ամէնայն հաւանականութեամբ նկատի ունեցած են Boeing 747-ը)։ Համապատասխանաբար, պակաս է նաեւ ածխաթթու կազի արտանետումը, որը մէկ ուղեւորին համար կը կազմե 75 կրամ՝ 100 ք.մ. ճամբային համար։ Այս մէկ կարեւոր արդիւնքնին ընկերութիւնը հասած է նաեւ համակցուած նիւթեր օգտագործելով օդանաւի ծանրութիւնը իջեցնելու միջոցաւ։ Ատոր համար լայնօրէն օգտագործած են բարելաւուած ալումինէ համաձուլուածքներ ու նաեւ՝ նոր նիւթեր։ Զորօրինակ, 11 թոն կշիռքով կեդրոնական շարժակայանը 40%-ով ածխածնային ճկազանգուածէն կազմուած է, իսկ ֆուզըլաժին վերի եւ կողերու ծածկոյթները GLARE (անգլերէն) բաղադրեալ նիւթերէն շինած են։ Գամերուն թիւը պակասեցուած է ֆուզըլաժին վարի ծածկերու միացումները լէյզըրի եռակցումով ըրած են:
А380-ին նախամշակելը մօտ տասը տարի տեւած է։ Ամբողջ ծրագիրին արժէքը մօտ 12 միլիար € կազմած է։ Airbus-ը կը հաւատացնէ, որ ընկերութեան ծախսերը հատուցանելու համար անհրաժեշտ է, որ վաճառուի 420 օդանաւ, սակայն, որոշ տեսաբաններու գնահատականներով այս քանակը պէտք է, որ շատ աւելի մէծ ըլլայ։.
Երկու տեսակ Airbus A380 կայ՝
Airbus A380-ը ունի երկու տեսակ շարժիչ՝
General Electric, Patt & Whitney եւ Snecma ընկերութիւնները իրար միացան այս շարժիչը ընելու համար։