«Շաբաթ Երեկոյեան Ուղիղ Եթերով» (անգլ.՝Saturday Night Live), ամերիկեան երաժշտական եւ ծիծաղեցնող պատկերասփիւռային յայտագիր, որ կը հեռարձակուի NBC պատկերասփիւռի ընկերութեամբ: Այն ստեղծուած է Լորըն Մայքըլզի կողմէ եւ առաջին անգամ հեռարձակուած է 1975 թուականի 11 Հոկտեմբերին: Իւրաքանչիւր թողարկում կը վարէ մէկ հիւր աստղ (զոր սովորաբար հանդէս կու գայ ծիծաղային համարներով), ինչպէս նաեւ կ'ունենայ հիւր երաժիշտ, զոր կը կատարէ երգեր:
Պատկերասփիւռային յայտագիրը ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ, որոնցմէ՝ 36 Primetime Emmy Award: «TV Guide» ամսագիրի կազմած «Բոլոր Ժամանակներու 50 Ամենահեղինակաւոր Պատկերասփիւռային Յայտագիրներ»-ու վարկանշային աղիւսակին մէջ այն գրաւած է 10-րդ դիրքը: Պատկերասփիւռային յայտագիրը նաեւ գրաւած է «Time» ամսագիրի «Բոլոր Ժամանակներու 100 Լաւագոյն Պատկերասփիւռային Յայտագիրներ»-ու ցանկին վրայ: